Ուորլիք Կը Խօսի Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Նախագահներուն Հաւանական Հանդիպումին Մասին
«Անհամբեր կը սպասենք Միջազգային հիւլէական անվտանգութեան վեհաժողովին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն եւ արտաքին գործոց նախարարներու հետ հանդիպման», «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք:
Վերջերս Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած էր, թէ համանախագահները արտաքին գործոց նախարարներուն առաջարկած են հանդիպիլ 25-26 մարտին տեղի ունենալիք Հիւլէական անվտանգութեան հերթական վեհաժողովին: Սակայն նախագահներու հանդիպման մասին Մամետեարով ոչինչ ըսած էր:
CATEGORIES Հայկական

