Ուու-Շու. Հայ Մարզիկը Թուրքիոյ Մէջ Նուաճեց Աշխարհի Ախոյեանի Կոչումը
11-17 մարտին Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ուու-շուի աշխարհի պատանիներու ախոյեանութիւնը:
Մասնակցող երկիրներուն կարգին էր նաեւ Հայաստան, որ մասնակցեցաւ 8 մարզիկով:
48 քկ դասակարգին մէջ Սարգիս Սարգսեան, յաջորդաբար յաղթելէ ետք Ղազախստանի, Եմէնի եւ Հնդկաստանի ներկայացուցիչներուն, հռչակուեցաւ աշխարհի ախոյեան:
Այս առնչութեամբ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը յայտնեց, որ Թուրքիոյ հաւաքականը այս ախոյեանութեան տիտղոսակիր չէ ունեցած: Թրքականին փոխարէն Անթալիոյ «Քեփեզ» մարզահամալիրին մէջ հնչած է Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգը եւ բարձրացած` Հայաստանի պետական դրօշը:
CATEGORIES Մարզական

