Յետմահու Ե-Նամակ` Քեռիիս
Սիրելի՛ քեռի,
Կարելի չէր առնել մահուանդ լուրը եւ յուզմունքէն չճաթիլ ու պահ մը չըմբոստանալ Աստուծոյ դէմ:
Կորուստդ, մեզի` ընտանիքիդ, հարազատներուդ, ընկերներուդ ու ծանօթներուդ, անդրադարձնել տուաւ, որ մեր կողքին տարիներ շարունակ ունէինք բարեկամ մը, եղբայր մը, հարազատ մը, հայր մը, մեծ հայր մը, քեռի մը, ամմօ մը, կամ պարզապէս` հալ-քէֆ հարցնող մը, որ այսպէս, յանկարծակի` հրաժեշտ կու տայ, երբ կը կարծէինք, թէ բաժանումի պահը տակաւին շա՜տ հեռու էր: Ըստ երեւոյթին, սակայն, ամէն սիրելիի, ամէն հարազատի մնաք բարովի ազդանշանդ տուած էիր: Կը յիշե՞ս, քեռի՛, մահէդ ճիշդ շաբաթ մը առաջ, երբ արհեստագիտութեան հետ քայլ պահելու մարմաջդ յագեցնելու համար նոր հեռաձայնիդ վրայ վայպըր անցուցած` անընդհատ կը փորձէիր հետս կապ պահել: Գիծը անդադար կ՛ընդհատուէր, բայց չէիր ծուլանար դարձեալ փորձելու, մինչեւ որ խօսեցանք վերջապէս: Կը յիշե՞ս, երբ Վերային ըսած էիր` «սիրտս թռչիլ կ՛ուզէ»: Կը յիշե՞ս, երբ «Վանայ Ձայն» հանդիպած էիր ու Լոռիկին եւ Յակոբին` անաղմուկ ու ձեռքի շարժումով բարեւ (հրաժե՞շտ) տուած, որպէսզի հաղորդումը չընդհատես… եւ տասնեակ մըն ալ այլ նմանօրինակ ազդանշաններ, որոնց մասին ընկերներդ պատմեցին: Բայց ո՞վ ի՛նչ կռահեր…
Իւրայատուկ մարդ էիր, քեռի՛, գիտե՞ս: Ամէն օր, ամէնուրեք. թէ՛ տունը, թէ՛ ինքնաշարժին մէջ` թոռնիկներուդ Արիին ու Արեգին հետ պտտելու կամ տեղ մը հասցնելու, թէ՛ գրասենեակդ` աշխատանքի, թէ՛ Հուրիին տարրալուծարանը` աչք մը նետելու, թէ՛ դրամատունը` Արփիին քով գործ դասաւորելու, թէ՛ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան գրասենեակը` հաշիւ մը շտկելու կամ պարզապէս այցելելու ու Վերային հետ «չենկէ» թափելու, եւ թէ՛ սիրելի քեռայրիդ` Փիեռին ու պաշտելի քրոջդ` Արաքսին գրասենեակը` սուրճ մը խմելու: Ինչպէ՞ս կը հասնէիր բոլորին: Դեռ չեմ խօսիր քեզի համար շնչելու պէս բնական դարձած հալ-քէֆ հարցնելու օրական հեռաձայնային կապերուդ մասին, որոնց մասին բոլոր ծանօթներդ ու բարեկամներդ անխտիր կը վկայեն իրենց ցաւակցագրերուն մէջ:
Նոր սերունդին նման ալ կը սիրէիր արհեստագիտութիւնը: Նոր հեռաձայն, նոր համակարգիչ, ե-նամակ, ֆէյսպուք, վայպըր… եւ բոլորն ալ հմտօրէն կը գործածէիր` յարգելով ելեկտրոնային աշխարհի կարգուձեւը… Աւա՜ղ, ուաց-ափին կարգը չհասաւ…
Ի միջի այլոց, ֆէյսպուք բաց ու տե՛ս, թէ արար աշխարհ քու մասիդ ինչե՜ր գրած են:
Տե՛ս` որքա՛ն արցունք կը թափեն բոլո՛րը` ընտանիք, հարազատ, ազգական, ընկեր, բարեկամ, ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիք, Համազգային, Ազգային առաջնորդարան, ԼՕԽ… Պարզ արցունքներ չեն… ափսոսանքի խուլ հառաչներով դրսեւորուած անհուն ցաւ են գաղութի մը, որ կու լայ անժամանակ մեկնումդ, երբ դեռ այնքան պէտք ունէին վեհութենէդ բխող անսահման բարութեան եւ վսեմ բարոյականին, որուն մարմնացումը եղար ազգիդ ծառայութեան ասպարէզիդ ընթացքին:
Տե՛ս մահուանդ օրը, թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ Սան Տիէկոյի մէջ, տեղի ունեցած ՀՄԸՄ-ի խաղերու սկիզբը, դաշտերը ողողած համակիրները վայրկեան մը յոտնկայս յարգեցին յիշատակդ… Տե՛ս յուղարկաւորութեանդ եւ թաղմանդ արարողութիւններուն նկարները… հո՜ծ բազմութիւն մը ներկայ էր. գրիչը անզօր է նկարագրելու ժողովուրդին յուզումը: Կու լային բոլո՛րն ալ…
Տե՛ս` արար աշխարհ որքա՛ն ցնցուած է, որքա՛ն յուզուած է, որքա՛ն կը սիրեն քեզ, քեռի՜…
Ինչպէ՞ս այսքան բարեկամ ու ծանօթ ունեցած ես, իրաւ, ըսէ՛… Այս որքա՞ն խոր է բոլորին սէրը անձիդ հանդէպ, որքա՞ն մեծ է անձդ որպէս ՀՄԸՄ-ական եղբայր, ազգային առաջնորդող դէմք ու բարեկամներու եւ ծանօթներու սիրտերուն բնակիչ, որ յանկարծական անհետացումդ անհասկնալի, անբացատրելի է ու երազային կը թուի ըլլալ: Ըսի, չէ՞, իւրայատուկ մարդ էիր… չէ՛, չէ՛ զարմանալի մարդ էիր: Ծանօթներէդ հարիւրաւոր ե-նամակներ ստացած եմ մահուանդ առիթով. իւրաքանչիւր մարդու կեանքին մէջ դրոշմ մը ձգած ես ըստ երեւոյթի… թէկուզ` ժպիտով մը միայն: Քիչ քիչ քեզի ֆորուըրտ կ՛ընեմ անոնք:
Կը յիշե՞ս, երբ ես մեկնեցայ Քանատա, իսկ Հրակը` Ամերիկա, միշտ կը հարցնէիր ինծի, թէ կապ կը պահէի՞նք: Քեռի՛, ճիշդ էր, որ առօրեայ կապ չունէինք իրարու հետ, բայց միշտ միասին էինք մեր մտածումներով… հեռաւորութիւնը ոչինչ փոխած էր, նոյնն ենք դեռ: Ճակատագիրի ի՜նչ հեգնանք. յստակ պատահականութեամբ` երկուքս նոյն թռիչքով Փարիզէն հասանք Լիբանան` յուղարկաւորութեանդ արարողութեան ներկայ գտնուելու…
Քեռի՛, կեանքիդ ամբողջ տեւողութեան եղար ընտանիքիդ համար զոհաբերուիլ գիտցող տիպար ամուսին մը, հայր մը, եղբայր մը, քեռի մը եւ ամէնէն աւելին` մեծ հայր մը: Այո՛, քեռի, ամէնէն տիպար մեծ հայրը` Արիին եւ Արեգին:
Կեանքիդ ամբողջ տեւողութեան եղար ազգիդ համար զոհաբերել գիտցող սկզբունքային, անշահախնդիր, առաքինի ու անձնուէր ծառայ մը: ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը կորսնցուց իր հաւատամքին ու սկաուտական դաւանանքին հաւատարիմ ու ջատագովը հանդիսացող ուղղամիտ ՀՄԸՄ-ական սկաուտ մը, մարզիկ մը, վեթերան մը, վարչական մը: Համազգայինը` մշակութասէր ազգային մը ու վարչական մը, Ազգային առաջնորդարանը` ուղղամիտ ազգային երեսփոխան մը:
Իսկ մենք` ընտանիքդ, հարազատներդ եւ մտերիմ ընկերներդ կորսնցուցինք նեցուկ մը, խօսակից մը, ընկեր մը, «տարտ քաշող» մը:
Շուտ մեկնեցար, քեռի՛:
Խաղաղօրէն մեկնեցար այս աշխարհէն` միանալու տէտէին ու մեծ մամային եւ ՀՄԸՄ-ականներու մեծ երամին: Աւա՜ղ, հաւատաւոր ՀՄԸՄ-ի նշանաբանին` տակաւին պիտի ըլլայիր ՀՄԸՄ-ի ջահակիրը ու ՀՄԸՄ-ի աւանդատան արթուն պահապանը:
Բարի՛ երթ,
Իմ պաշտելի՛,
Իմ հարազա՛տ,
Իմ կենսուրա՛խ,
Իմ կենսայո՛րդ,
Իմ կենարա՛ր,
բայց տառապած
Ի՛մ քեռիս:
Գուցէ երկնային անդորրութիւնը քիչ մը հանգիստ կը պարգեւէ ազգին ցաւերով փոթորկած, բայց միշտ լուսաւոր հոգիիդ: Հիմա հանգիստ ննջէ, քեռի՛: Թող հողը թեթեւ հանգչի քու յոգնաբեկ մարմինիդ ու վիրաւոր սիրտիդ վրայ: Փաթթուկ ու պաչիկ ալ` տէտէին ու մեծ մամային:
Չմոռցած` հաճիս նոր ե-նամակի հասցէդ ուղարկէ, երբ հաստատուիս, որպէսզի կապի մէջ մնանք: Եթէ վայպըր ալ կայ հոն, հաճիս անոր ալ թիւը ուղարկէ… ձայնդ անգամ մըն ալ լսեմ ու անգամ մըն ալ ՔԵՌԻ կոչեմ:
Մինչ նոր հանդիպում, քեռի՛…
Քեզմով միշտ հպարտ ու քեզ յաւիտեան շնորհակալ քրոջորդիդ`
ԽԱԺԱԿԴ

