Տիպար ՀՄԸՄ-ական Միհրան Շիմշիրեանի Յիշատակին

Մօտ մէկուկէս տարի առաջ «Մարզիկ» ամսաթերթին մէջ լոյս տեսած «Խոհեր եւ յուշեր ՀՄԸՄ-ի 95-ամեակին առիթով» յօդուածիդ մէջ կ՛ըսէիր հետեւեալը.

«Իրագործումները քիչ չեն, իսկ այդ իրագործումներուն ետին կը կանգնին հոյլ մը նուիրեալներ, որոնք միութենական այս հսկայ աշխատանքը յառաջ տարած են ու կը տանին մեծ զոհողութեամբ, հաւատքով եւ առանց ակնկալութեան: Գործել` պատրաստելու համար առողջ, գիտակից, դաստիարակուած ու պահանջատէր հայ մարդ, որ կարենայ պահել իր ինքնութիւնը, դիմագիծը: Մարդ, որ տէրը ըլլայ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի տեսլականին: Այս գործին համար ՀՄԸՄ-ի յաջորդական Կեդրոնական վարչութիւններու անդամները ոչինչ խնայած են իրենց ժամանակէն ու կարելիութիւններէն: Այսօր, կ՛արժէ յիշել գէթ մեզմէ հեռացածները, անոնք, որոնք հետք ձգեցին իրենց ետին եւ դարձան լաւ յիշատակ»:

Սիրելի՛ եղբայր Միհրան, քու բառերովդ բնութագրուած այս կեանքը ապրեցար աւելի քան 55 տարիներ. փոքր տարիքէդ միացար քու շատ սիրած Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան ընտանիքին: Նուիրուեցար անոր վեհ նպատակներու իրագործման աշխատանքին եւ անշահախնդիր կեցուածքով եղար օրինակելի ՀՄԸՄ-ական գալիք սերունդներուն: Գործեցիր բծախնդրութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ. եղար լրջախոհ եւ շրջահայեաց. մնացիր հաւատարիմ ջահակիրը ՀՄԸՄ-ի տեսլականին: Եւ ահա այսօր, դուն եւս դարձար յիշատակ եւ միացար «մեզմէ հեռացածներու» շարքին` ձգելով անմոռանալի հետք եւ դրոշմ ՀՄԸՄ-ի պատմութեան էջերուն:

Առողջ մտքով, դրական վերաբերմունքով եւ գործնական քայլերով կը պատրաստուէիր ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին, որուն համար ըսած էիր հետեւեալը. «Պատրաստուի՛նք ուրեմն 95- ամեակին, ճակատաբաց ներկայանալու համար 100-ամեակին»: Քաջածանօթ էիր ՀՄԸՄ-ի դիմագրաւելիք նոր դժուարութիւններուն` սփիւռքի մէջ հայը հայ պահելու եւ հայրենիքին մէջ հայը դաստիարակելու որպէս լաւ քաղաքացի: Քու սահմանումովդ, ասոնք էին 100-ամեակի մեծագոյն մարտահրաւէրները: Եւ այս բոլորին համար տակաւին շատ ընելիք եւ շատ տալիք ունէիր ազգիդ: Այդ գիտակցութեամբ է, որ ՀՄԸՄ-ական եղբայրներուդ հետ կը մշակէիք ռազմավարական ծրագիրներ` դիմագրաւելու գալիք նորանոր դժուարութիւնները:

Սակայն շատ անակնկալ եւ կանուխ եղաւ մեզմէ առյաւէտ բաժնուիլդ, սիրելի՛ Միհրան. նոյեմբեր 2013-ի Քալիֆորնիա այցդ երէկ էր կարծես: Այս անգամ միութենական առաքելութեամբ չէիր եկած, այլ եկած էիր անձնական նախաձեռնութեամբ. արդեօք եկած էիր հրաժե՞շտ տալու քու սիրելի բարեկամներուդ,  միութենական եղբայրներուդ եւ հարազատներուդ: Մեծ ցաւ եւ խոր վիշտ պատճառեցիր թէ՛ ՀՄԸՄ-ի եւ թէ՛ հարազատ ընտանիքիդ անդամներուն: Մահուանդ գոյժը կայծակի արագութեամբ տարածուեցաւ երկրագունդի այն ցամաքամասերը, ուր ՀՄԸՄ գոյութիւն ունի: Յուզեցիր եւ սուգի մատնեցիր բոլորը, որովհետեւ դուն լոկ անուն մը չէիր, այլ քու յաճախակի այցելութիւններովդ, գործունեայ նկարագրովդ եւ համեստ ու ազնիւ վարուելակերպովդ ծանօթ եւ շօշափելի ներկայութիւն մըն էիր բոլորին համար:

Սիրելի՛ Միհրան, դուն հեռացար ՀՄԸՄ-ի ընտանիքէդ, սակայն անցեալի վաստակովդ եւ յիշատակներովդ պիտի մնաս խորհրդանիշ` նուիրումի ու զոհողութեան եւ մղիչ ուժ յաջորդող սերունդներուն, որոնք քու եւ նմաններուդ օրինակով պիտի շարունակեն ծառայել ազգին: Հեռացար նաեւ հարազատներէդ. մեր սերունդին երիցագոյնը ըլլալուդ` եղար զարմիկներուդ հոգատար Միհրան «աղբար»-ը. օրինակովդ դուն մեր գործունէութեան ուղեցոյց էիր եւ պիտի մնաս միշտ մեր սրտին եւ յուշերուն մէջ:

Վարձքդ կատար, ննջէ խաղաղութեամբ, թող հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ Միհրան:

Յիշատակդ անթառամ…

Զարմիկդ`
ՏԻԳՐԱՆ ՊԱՊԻԿԵԱՆ

17 մարտ, 2014

Share this Article
CATEGORIES