Եղբայրական Յուշեր

chah_levon1-300x199Քառասուն օրեր առաջ Միհրան Շիմշիրեանի անակնկալ մահը ցնցեց ներաշխարհս: Եղբայր Միհրան ինծի համար այն տիտաններէն մին էր, որ կը խորհրդանշէր ողջ ՀՄԸՄ-ը: Մտքիս հորիզոնին վրայ հիմա կ՛ուրուագծուի ՀՄԸՄ-ի եղբայրական յուշերու հոյլ մը, զոր ունեցած եմ Միհրան Շիմշիրեանի հետ:

1969 օգոստոսին Կիպրոսի մէջ ՀՄԸՄ-ի ընդհանուր բանակումին կայացաւ մեր առաջին հանդիպումը: Եղբայր Միհրան ՀՄԸՄ-ի Շրջանային խմբապետ էր այդ օրերուն: Ան խոր տպաւորութիւն ձգեց վրաս` որպէս եռանդուն ու խանդավառ խմբապետ: Այդ տպաւորութիւնը օրէ օր վերածուեցաւ ակնածանքի, երբ տարուէ տարի միշտ միասին եղանք ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին մէջ: Միասին եղած ենք ռալի բանակումներու, խմբապետական ժողովներու, Շրջանային պատգամաւորական ժողովներու, տողանցքներու եւ այլ միութենական հանդիսութիւններու: Ժողովներուն ընթացքին եղբայր Միհրան կը հանդարտեցնէր լարուածութիւնը` իր տպաւորիչ խրատներով, մանաւանդ որ ան կը վայելէր ժողովականներուն յարգանքը: Որպէս իրաւ ՀՄԸՄ-ական իր գործունէութեամբ եղբայր Շիմշիրեան կը բարձրացնէր ՀՄԸՄ-ը, իրեն համար ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը ամէն բանէ վեր էր:

Բազմաթիւ են անոր տպաւորիչ եւ իմաստալից խօսքերը: Ան միշտ քաջալերած է զիս եւ ուրախ եղած մարզական յաղթանակներովս, իսկ երբ իմացաւ Ղարաբաղի շարժման մասնակցութեանս մասին, ան հպարտօրէն ըսաւ. «Եղբա՛յր Լեւոն, ՀՄԸՄ-ը միայն մարզիկ չի պատրաստեր, այլ նաեւ ազատամարտիկներ»:

Յուլիս-օգոստոս 2013-ին, 9-րդ Համա-ՀՄԸՄ-ական խաղերուն ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը որոշած էր խաղերու ջահը ինծի յանձնել` որպէս վեթերան մարզիկ, որպէսզի վազքով տանիմ ու նոր սերունդի մարզիկի հետ վառեմ բացման ջահը: Եղբայր Միհրան Շիմշիրեան` որպէս Կեդրոնական վարչութեան անդամ, ջահը Էրեբունի բերդին դիմաց յանձնեց ինծի ու ըսաւ. «Այս բերդին մէջ Ուրարտուի թագաւորին ջահը միշտ անմար եղած է, նոյնպէս ՀՄԸՄ-ի ջահը յաւիտեան անմար է»: Երբ Միհրան Շիմշիրեան իմացաւ, որ ես որպէս աթլեթի մարզիկ պիտի մասնակցիմ ՀՄԸՄ ՀԱՍԿ-ի անունով, ըսաւ. «Եղբայր Լեւոն, ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը մեծ է, Հայաստանը ՀՄԸՄ-ի հայրենիքն է»:

Այդ օրերուն, երբ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ակումբին մէջ  հաւաքուած էինք, եղբայր Միհրան գոհունակ ու հպարտ ժպիտով ըսաւ. «Մենք տարիներով մեր սկաուտական գլխարկին վրայ նշանաբան ունինք Արարատը: Իսկ հիմա մեր հայրենիքի մէջ ունինք ՀՄԸՄ-ի  ակումբները եւ ՀՄԸՄ-ի դրօշը կը ծածանի հայրենի հողին վրայ»:

9-րդ Համա-ՀՄԸՄ-ական խաղերու ատեն աթլեթի մրցումներու ընթացքին երբ կը քալէի, կ՛երազէի, որ եղբայր Միհրան յանձնէ ինծի յաղթանակի մետալս: Իսկապէս եղբայր Միհրանի ձեռամբ եղաւ իմ մետալատուչութիւնս: 9-րդ Համա-ՀՄԸՄ-ական խաղերու աւարտին միասնաբար նոյն օդանաւով  վերադարձանք Լիբանան: Լիբանանի օդակայանին մէջ զիրար ողջունեցինք` կրկին հանդիպելու յոյսով, որ դժբախտաբար չիրականացաւ: Աւա՜ղ այդ եղաւ մեր վերջին հանդիպումը:

Եղբա՛յր Միհրան, դուք ինծի համար միշտ եղած էք ՀՄԸՄ-ի անգերազանցելի աստղերէն մէկը: Ձեզ ճանչցած եմ որպէս մեծ ուսուցիչ, որ ինծի փոխանցած է ազգային ու հայկական ոգի:

Ես հպարտ եմ, որ մտերմացած ու աշխատակցած եմ, ձեզի հետ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին մէջ, ուրախ եմ, որ հայրենի հողին վրայ դուք ինծի յանձնեցիք յաղթանակի մետալս: Հպարտ եմ, որ ՀՄԸՄ-ի անմահութեան ջահը դուք ինծի յանձնեցիք ձեր ձեռամբ:

Եղբայր Միհրան Շիմշիրեան, ՀՄԸՄ-ական մեծ եղբայր, հանգիստ ու անհոգ ննջէ, մենք պատրաստ ենք շարունակելու ձեր գործը ու միշտ անմար պահելու ՀՄԸՄ-ի ջահը` ազգային ու մարզական ոգիով:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, թանկագի՛ն եղբայր:

ԼԵՒՈՆ ԹԱՇՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES