Յաւերժ «Երիտասարդ» Եղբայր Միհրանը

Իր իւրայատուկ բնաւորութեամբ, խիստ բծախնդիր, անհամբեր ու պարտաճանաչ մեր եղբ. Միհրանը, կրկին իրեն յատուկ փութկոտութեամբ, 40 օրեր առաջ հրաժեշտ տուաւ աշխարհէն:

Ու սգաց ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ իր ընտանիքը:

Լիբանանէն Հայաստան, Փարիզ ու Միացեալ Նահանգներ, Քանատա եւ Աւստրալիա, Հարաւային Ամերիկա եւ ամբողջ Եւրոպա Միհրան Շիմշիրեանի ՀՄԸՄ-ական երկարատեւ ծառայութեան իբրեւ արգասիք կերտուած բարեկամներուն ու միութենականներուն կոկորդները խեղդուած էին արցունքներով: Անհաւատալի, սակայն իրաւ…

Կարելի՞ էր չսգալ մահը եղբ. Միհրանին, որուն յաւերժ երիտասարդ հոգին զինք սիրելի կը դարձնէր բոլորին: ՀՄԸՄ-ական երէց եղբայրը, որ ազնուութիւնը ունէր գիտակցելու եւ ընդունելու որեւէ սխալ` անակնկալի մատնելով դիմացինը: Համա-ՀՄԸՄ-ական բոլոր հաւաքներու փնտռուած եղբայրը, որ ՀՄԸՄ¬ի մէջ տարիներու իր տիրական ներկայութեան եւ բեղուն աշխատանքներուն բերումով ունէր անհամար բարեկամներու ցանց եւ անոնց կը գուրգուրար «Միհրան»-ական մօտեցումով:

Եղբ. Միհրա՛նն էր ինք, որուն հետ գործակցիլը, ճամբորդելն ու զրուցելը համալսարանական դասընթացքի մը համազօր էր իրողապէս:

Եղբ. Միհրա՛նն էր ինք, բծախնդիր գանձապահը, որուն հաշուապահական հմտութիւններուն ծանօթ էին բոլորը:

Եղբ. Միհրա՛նն էր ինք, բոլորին սրտին մօտիկ եղբայրը:

Յաճախ կը կրկնէր, որ իր կինը` Շաքէն, լուռ զոհաբերութեան լաւագոյն օրինակն էր, որուն լայնասրտութիւնն ու դրական հասկացողութիւնը միութենական իր նուիրումին օրհնութիւնը կը նկատէր: Իսկական օրհնութիւն մը, որ իր լայնասրտութեամբ նոյնիսկ իր ամուսնոյն մահուան սուգը կիսեց իր միութենական հարազատներուն հետ:

Միութենական կնճռոտ հարցերը եղբ. Միհրանին «երկրաչափական» լուծումներուն կը կարօտէին յաճախ: Իր լայնախոհ մօտեցումով, զանազան դժուարութիւններ «կ՛անհետանային» իրեն յատուկ ժպիտով: Անժամանակ մեկնեցաւ ան` իրագործումներու ցանկը կիսատ ձգելով:

Սիրելի՛ եղբ. Միհրան,

Գրասեղանդ դատարկ է, հեռաձայնս լուռ: Ժողովական աթոռդ անխօս կը հետեւի մեր ցաւին: Տակաւին հաշտուած չենք քու ակամայ բացակայութեանդ:  Չծերացած` մահացար, ճի՛շդ փափաքիդ համաձայն: Հրաժեշտ տուիր մտերիմ ընկերոջդ հետ զրուցելու եւ երգելու ժամանակ, կրկի՛ն փափաքիդ համաձայն: Անժամանակ մեկնեցար ու մեկնումիդ ցաւը զգալի է ամէնուրեք:

Բացակայութիւնդ խիստ զգալի է, եղբ. Միհրան: Փոթորկոտ կեանքիդ որպէս աւարտ` ննջէ խաղաղութեամբ…

Վ. Բ. 

Share this Article
CATEGORIES