Անշահախնդիր ՀՄԸՄ-ականը` Միհրան Շիմշիրեան

Բախտը ունեցած եմ մօտէն ծանօթանալու Միհրան Շիմշիրեանի կեանքին ու գործունէութեան տարբեր երեսներուն, յատկապէս` որպէս նուիրեալ հայ մարդ եւ անշահախնդիր ազգային-միութենական գործիչ:

Միհրանին հետ եղբայրական մեր բարեկամութիւնը սկսաւ պատանի տարիքէս, 1965-էն, երբ ան Դամասկոսէն Պէյրութ վերադարձաւ: Ան ստանձնեց ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի աքելլայի պաշտօնը եւ շուտով բարձրացաւ շրջանային մակարդակի պաշտօններու: Տարիները մեզի առիթը ընծայեցին զանազան ձեւերով գործակցելու: Ես տեղափոխուեցայ, բայց մեր կապը մնաց ամուր, մեր ընկերութիւնը զարգացաւ եւ գործակցութիւնը մնաց անխախտ:

Միհրանը հաղորդակից, հետաքրքիր եւ ընկերային էր: Իր համոզումները` հաստատ, իր միութեան հանդէպ նուիրումը` անսակարկելի, իր կապը ազգին, եկեղեցւոյ եւ իր գաղափարական ընտանիքին հետ` հետեւողական եւ  անբիծ: Ընտանիքին նուիրեալ ամուսին մըն էր եւ իր զաւակներով հպարտ հայր մը: Իր անմիջական շրջանակէն շատերուն  համար մեծ եղբայր էր, ուրիշներու` խորհրդատու, իսկ բոլորին` անկեղծ ընկեր:

Միհրանը ՀՄԸՄ-ի համագաղութային կառոյցի հաստատումէն ետք Կեդրոնական վարչութեան ամէնէն երկար գործած անդամն էր, նախ 1983-1999` 16 տարիներու եւ ապա 2007-2014` 6.5 տարիներու, այսինքն` ընդամէնը 23.5 տարիներու իր ծառայութեամբ: 50 տարուան ՀՄԸՄ-ական պատասխանատուի իր կեանքին ընթացքին միութիւնը յուզող առանցքային որոշումներուն մէջ իր ունեցած ներդրումը եղաւ եզակի: Լայնախոհ էր եւ յարաբերական կապերու կողմնակից: Լիբանանի մէջ իր քրոջը` Արաքսին հետ առաջիններէն էր, որ պատեանէն դուրս ելաւ եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին ներկայացուցիչը դարձաւ: Մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ միութեան վերջին տասնամեակներու պատմութեան վրայ: Հայաստանի անկախ պետականութեան արժէքին հաւատաւոր գիտակիցն էր ան եւ, այդ օրերու այլ ղեկավարներու հետ, անկախ Հայաստանի մէջ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան դերակատարներէն մէկը: Իրողութիւն է, որ Համաշխարհային սկաուտական շարժումի պիւրոյի  ընդհանուր քարտուղար Ժաք Մորէոնին հետ իր տեսակցութիւնները  ճամբայ բացին, որպէսզի Համաշխարհային սկաուտական շարժումին մօտ հայ սկաուտութիւնը ներկայացնելու իրաւունքը «Հայ արիներ»-էն (Գուրգէն Մեծատուրեանի ազդեցութենէն) փոխանցուի Հայաստանի ազգային սկաուտութեան: Այս մէկը, անշուշտ, առիթը ընծայեց, որ Հայաստանի ՀՄԸՄ-ը դառնայ Հայաստանի ազգային սկաուտական կազմակերպութիւն (ՀԱՍԿ):

Որպէս ՀՄԸՄ-ական, Միհրանը ղեկավարութեան դիրքերու հասած էր սկաուտական շարքերէն, բայց ան մտքով ու գործով ամբողջական միութենական էր: Նոյն ձեւով պատասխանատու կը զգար թէ՛ մարզական, թէ՛ սկաուտական եւ թէ՛ երիտասարդական կամ կազմակերպական բնոյթի հարցերով: Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումները եւ մարզախաղերը սփիւռքէն Հայաստանի հողին վրայ կայացնելու որոշումին մէջ իր դերը էական էր: ՀՄԸՄ-ի իրերայաջորդ կեդրոնական վարչութիւններու ատենապետներուն նեցուկն էր ան, ազդու եւ ներգործօն խորհրդատուն: Միութենական առանցքային որոշումներու մէջ իր ունեցած ներդրումով ան հաշտարար եւ շինիչ դեր վերցուց միութիւնը յուզող ներքին եւ արտաքին բազմաթիւ մարտահրաւէրներու կապակցութեամբ:  Կեդրոնական վարչութեան երկար տարիներու գանձապահն էր, ծայրայեղ բծախնդրութեամբ եւ ինքն իր հանդէպ ունեցած ահաւոր պահանջկոտութեամբ:

ՀՄԸՄ-ի պատմական եւ մշակութային արժէքներուն իր տիրապետումը ամբողջական էր: Սկզբնական տարիներուն վարակիչ լաւատեսութեամբ համակուած ղեկավար էր`  յառաջադէմ յատկութիւններով օժտուած: Պարագաներու եւ ժամանակի բերմամբ  ազգային ու միութենական մարտահրաւէրները զինք զգուշ դարձուցին: Տարիները, սակայն, իր նուիրեալ եւ անշահախնդիր նկարագիրին վրայ ազդեցութիւն չունեցան: Զինք լաւ ճանչցողները գիտէին, որ իր քննադատական թուող տեսակէտներուն ետին կը բաբախէր զգայուն սիրտ մը` տոգորուած գործնական մտայնութեամբ եւ բարեփոխութեան տենչով:

Կաղապարուած գաղափարներու եւ մակերեսային վերլուծումներու չէր հետեւեր: Նորարարութեան եւ քննական մօտեցումներու ջատագովն էր: Ան շարունակ հետաքրքրուած էր ոչ միայն իր հայկական շրջապատով, այլ` համաշխարհային տարբեր զարգացումներով: Իր շրջապատին մէջ եզակի էր նորութիւններու հետ իր հաշտ նկարագրով: Դիմատետրով եւ ընկերային հաղորդակցութեան այլ միջոցներով միշտ կապի մէջ էր: Իր անակնկալ մահէն երկու շաբաթ առաջ հետաքրքրուած էր «Ուաթց ափ»-ով: Միշտ մնաց նորարարութեան եւ քննական մօտեցումներու ջատագով: 2007 թուականէն սկսեալ արդէն ՀՄԸՄ-ի ռազմավարական ծրագրին զօրավիգ էր: Կը հարցնէր, կ՛ուզէր օգնել:

Մեր վերջին հանդիպումը եղաւ Լոս Անճելըս, նոյեմբեր 2013-ին, երբ Քալիֆորնիա այցելութեան եկած էր: Տակաւին աչքիս առջեւ է այդ օրը: Կարօտցած էր եւ կարծես փոփոխութեան պէտք ունէր: Ինչպէս հին օրերը, ուրախ մթնոլորտով ունեցանք մեր ընկերային զրոյցը եւ ապա` միութենական հանդիպումը: Չափազանց խանդավառ էր, որ քանի մը օրէն զաւակը պիտի տեսնէր: Ժողովի ընթացքին իր ներդրումը ունեցաւ: Ինչպէս միշտ, քաջալերական ու հաւասարակշռուած էր: Անշուշտ, Լիբանան վերադարձէն ետք, մեր խօսակցութիւնները ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներով շարունակուեցան:

Ճիշդ է, որ ՀՄԸՄ վերջին յիսնամեակին ունեցած է քանի մը  տասնեակ հզօր ղեկավարներ, բայց հազուագիւտ եղած են Միհրանին նման անշահախնդիր, նուիրեալ անձերը, որոնք երկարաշունչ կերպով ազդեցիկ եւ օգտաշատ պատասխանատուութիւն ստանձնած ըլլան: Ժամանակը աւելի պիտի հաստատէ անոր արժէքը:

ՏՈՔԹ. ՇԱՀԷ ԵՆԻԳՈՄՇԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES