Զոհաբերութեան, Նուիրումի Եւ Աշխատասիրութեան Օրինակը. (Միհրան Շիմշիրեանի Յիշատակին)
Դժուար է յիշատակի ու յարգանքի վկայութիւն տալ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Միհրան Շիմշիրեանի մասին, որ 67 տարուան ՀՄԸՄ-ական ծառայութեամբ բեռնաւորուած` քառասուն օրեր առաջ անակնկալօրէն հրաժեշտ տուաւ իր հարազատներուն եւ իր սիրած միութեան:
Ի՜նչ ըսենք, ինչպէ՛ս մխիթարենք մենք մեզ, երբ տակաւին չենք հաշտուած Միհրանի կորուստի գաղափարին հետ: Կ’ուզենք հաւատալ, թէ ո՛ւր որ է ան, այսօր, վաղը, պիտի հեռաձայնէ, բարեւէ կամ որպիսութիւն հարցնէ` իրեն յատուկ ժպիտով, հաղորդականութեամբ ու խանդավառութեամբ:
Ո՜վ չէր ճանչնար Միհրան Շիմշիրեանը, 71-ամեայ, բայց միշտ առոյգ ու կայտառ ՀՄԸՄ-ականը, որուն կեանքը ամբողջական նուիրաբերում մը եղաւ հայ սկաուտութեան, հայ երիտասարդութեան, հայութեան եւ Հայաստանին:
Սկզբունքային, անշահախնդիր ու առաքինի մարդ` իր վարք ու բարքով:
Հայ` բառին վաւերական առումով:
ՀՄԸՄ-ական տիպար` իր հարազատ կերպարով:
Անբացատրելի հմայք մը ունէր Միհրան Շիմշիրեան: Բոլորը կը սիրէին ու կը յարգէինք զինք:
Միութենական կեանքի մարդ էր ան, ողն ու ծուծով ՀՄԸՄ-ական:
Տեղ մը դժուարութի՞ւն կար, տագնա՞պ գոյութիւն ունէր, Միհրանը հոն էր եւ շրջահայեաց մօտեցումով հարցերը բարւոք կերպով լուծելու շնորհը ունէր:
Ժողովներու մէջ տեսակէտներու բախում եւ երկուութի՞ւն կար, լուծումը Միհրանին մօտն էր, ոսկէ միջինը գտնելու բացառիկ կարողութիւնը ունէր:
Կանոնագրային¬կազմակերպական հարցերու շուրջ շփո՞թ կար, դարձեալ Միհրանն էր, որ իւրաքանչիւր հարցի համոզիչ լուսաբանութիւնն ու բացատրութիւնը ունէր:
Հաճելի ժողովական էր ան, սիրելի զրուցակից ու մանաւանդ` փնտռուած սեղանակից:
Մեծ էր ան իր համեստութեամբ եւ խոնարհ էր ան իր պարկեշտութեամբ: Ան կը պատկանէր մեծերու սերունդին:
Մեծ էր իր սրտով, հոգիով եւ բոլորը ընդունելու իր լայնամտութեամբ: Մանրուք հաշիւներու եւ տեղայնական մօտեցումներու մարդը չէր: Գործի եւ միայն գործի նուիրեալն էր ան, որ ո՛չ շահ, ո՛չ ալ փառք կը փնտռէր: Գործն էր, որ զինք կը պահէր նուիրաբերումի պատուանդանին վրայ, իբրեւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային աքելլայ, Շրջանային սկաուտական խմբապետ, Շրջանային ընդհանուր խմբապետ, երկու տարի ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ 23 տարի ալ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ:
Արժանիքներու մարդն էր Միհրան Շիմշիրեան: Իսկ արժանիքները ցեղ ու կրօն չեն ճանչնար: Ահա թէ ինչո՛ւ ան փնտռուած եւ սիրուած էր նաեւ լիբանանեան շրջանակներու կողմէ: Ի զուր չէ, որ 26 տարի ան մաս կազմած էր Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին եւ Լիբանանը ներկայացուցած էր արաբական ու միջազգային բազմաթիւ համագումարներու` Լիպիա, Օման, Անգլիա, Սենեկալ եւ Մ. Նահանգներ: Առ ի գնահատանք իր ծառայութիւններուն, ան արժանացած էր Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի եւ լիբանանեան պետութեան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան բարձրագոյն շքանշաններուն:
ՀՄԸՄ-ի համահայկական կառոյցին մէջ դժուար թէ գտնուի մէկը, որ իրեն չափ ծանօթութիւն եւ շփում ունեցած ըլլայ միութեան աշխարհասփիւռ անդամներուն հետ: Բարեկամութիւններու մարդն էր եւ Ամերիկաներէն մինչեւ Եգիպտոս, Պուլկարիայէն մինչեւ Արժանթին, ունէր ՀՄԸՄ-ական հարազատներու հսկայ շրջանակ մը, որ իր մեծագոյն հարստութիւնն էր, անկասկած: Հաւատարիմ բարեկամ էր եւ հաւատարմութիւնը իր կեանքի գլխաւոր սկզբունքներէն մէկն էր:
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան վեց կազմերու անդամակցած ըլլալով, վերջին 30 տարիներուն, միութենական զանազան առաքելութիւններով ան գտնուած էր ՀՄԸՄ-ի կազմակերպական գրեթէ բոլոր շրջանները: Մասնակցած էր ՀՄԸՄ-ի Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային վարչութեան գրեթէ բոլոր Շրջանային ժողովներուն, համա-ՀՄԸՄ-ական բազմաթիւ բանակումներու, մարզախաղերու եւ Պատգամաւորական ժողովներու` միշտ եւ ամէնուրեք ստանձնելով կեդրոնական դերակատարութիւններ: 2007¬ին ան արժանացած էր միութեան բարձրագոյն` «Արժանեաց» շքանշանին:
Մեծ է Միհրան Շիմշիրեանին երախտիքը Հայաստանի ազգային սկաուտութեան կազմակերպութեան (ՀԱՍԿ) ստեղծման եւ զարգացման մէջ: Սկաուտական միջազգային ընտանիքին հետ իր ծանօթութիւններուն բերումով, ան կարեւոր դեր ունեցած է ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի միջազգային սկաուտական շարժումի անդամակցութեան նախաքայլերուն մէջ:
Միհրան Շիմշիրեանին երախտիքը նոյնքան մեծ է Լիբանանի ազգային կեանքին մէջ: Իբրեւ գաղափարական մարդ ու համազգայնական` ան բեղուն ծառայութիւն ունեցած է Էշրեֆիէի հայութեան: Եղած է ազգային երեսփոխան եւ երկար տարիներ մաս կազմած է Ազգային իշխանութեան տարբեր մարմիններուն` միշտ հաւատաւոր ու ամբողջական ծառայութեամբ:
Իր գործին բերումով ան եղած է գաղութի ազգային գրեթէ բոլոր հաստատութիւններուն մէջ` Ծերանոց, ԼՕԽ, Գարակէօզեան, Ճեմարան, Այնճարի քաղաքապետութիւն` իր հետքը եւ քաղցր յիշատակները ձգելով ամէն տեղ:
Կ’ըսեն` անփոխարինելի մարդ չկայ: Իսկ ո՞վ պիտի փոխարինէ Միհրան Շիմշիրեանը եւ իր նմանները, որոնք օրէ օր հրաժեշտ կու տան մեզի` մարդու սով ստեղծելով մեր շուրջ, մեր մէջ. գաղափարական, միութենական, սկզբունքային եւ հայրենասէր մարդու սով: Իր եւ նմաններուն օրինակները սերունդներու համար պիտի ըլլան ուղեցոյց` անսահման զոհաբերութեան, նուիրումի, աշխատասիրութեան եւ յարատեւութեան:
Յանուն ՀՄԸՄ-ի համահայկական ընտանիքի 104 մասնաճիւղերուն եւ 26 հազար հաշուող անդամներուն, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը քառասուն օրէ ի վեր խորապէս կը սգայ իր անդամին` բազմավաստակ ՀՄԸՄ-ական Միհրան Շիմշիրեանին մեծ կորուստը եւ կը խոնարհի անոր վաստակին առջեւ:
Կեդրոնական վարչութիւնը կը վշտակցի միութեան կազմակերպական բոլոր միաւորներուն, որոնք անցնող շաբաթներուն ցաւակցագրերով ոգեկոչեցին Միհրան Շիմշիրեանին անթառամ յիշատակը: Շնորհակալութի՛ւն բոլորին: Շնորհակալութիւն նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին, որ յատուկ ցաւակցագրով բաժնեկիցը դարձաւ ՀՄԸՄ-ի սուգին:
Սիրելի՛ Միհրան, երթդ բարի դէպի ՀՄԸՄ-ականներու պանթէոն: Գնա՛, գտի՛ր Վարդգէս Տէր Կարապետեանը, տոքթ. Միսաք Արզումանեանը, Կարօ Թիւթիւնճեանը, Երուանդ Տեմիրճեանը, Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեանը, Պետրոս Շեմմեսեանը եւ քեզի սիրելի եղբայրներդ ու պատմէ բոլորին, որ ՀՄԸՄ-ը ունեցաւ նոր անմահ մը, որ 16 փետրուար 2014-ին միացաւ «նահատակ ցեղի անմահներ»-ու փաղանգին, դէպի յաղթանակ ճամբուն վրայ կեանք մը ամբողջ սպառելէ ետք:
Հողը թեթեւ գայ վրադ, անգի՛ն եղբայր:
ՀՄԸՄ-ը միշտ պիտի յիշէ քեզ:
ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

