«Չեմփիընզ Լիկ». Մանչեսթըր Եունայթըտ Եւ Պայէրն Միւնիխ` Իրարու Դէմ Յանդիման

draw-21032014Երէկ յետմիջօրէին Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:

Սպանիա կիսաւարտականի տոմս մը այժմէն իսկ ապահովեց, որովհետեւ Պարսելոնա եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ պիտի ճակատին իրարու դէմ:

Բաւական «տաք», հետաքրքրական եւ զօրաւոր ճակատում մը պիտի ըլլայ Մանչեսթըր Եունայթըտ – Պայէրն Միւնիխ մրցումը:

Ռէալ Մատրիտ իր դէմ պիտի ունենայ Պորուսիա Տորթմունտը, մինչ չորրորդ եւ վերջին մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ Փարիզ Սեն Ժերմենը եւ Չելսին:

Երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան 1-2 ապրիլին, իսկ դարձի մրցումները` 8-9 ապրիլին:

Նշենք, որ աւարտականի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 24 մայիսին, Լիզպոնի մէջ (Փորթուգալ) գտնուող Պենֆիքայի «Էսթատիօ տա Լուիզ» մարզադաշտին վրայ:

Share this Article
CATEGORIES