Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես Յաղթեց Մանարայի Մէջ

Ռիատի - Սաժես երէկուան մրցումէն PROFOTO

Ռիատի – Սաժես երէկուան մրցումէն
PROFOTO

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Սաժես կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 73-72 արդիւնքով յաղթեց Ռիատիի` վերջինիս Մանարայի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին ընթացքին:

Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Սաժես Մութթահետէն խլեց 2-րդ դիրքը:

Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 21-15, 37-36, 49-57 եւ 72-73:

Սաժեսէն Քրիս Տերիըլզ նշանակեց 18 կէտ եւ 11 ռիպաունտ, մինչ Ռիատիէն Ահմետ Իսմայիլ` 17 կէտ եւ 8 ռիպաունտ:

Դարձի 4-րդ հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երբ Սանթրալի դաշտին վրայ, Պըժժէ կը հիւրընկալէ Շանվիլը, երեկոյեան ժամը 17:00-ին:

Share this Article
CATEGORIES