Վենետիկի Բնակիչները Քուէարկած Են Ի Նպաստ Անկախութեան
Pravda.ru կայքը կը հաղորդէ, որ Վենետիկի բնակիչներուն 60 առ հարիւրը Իտալիայէն անկախանալու շուրջ հանրաքուէին ընթացքին քուէարկած է անկախութեան օգտին:
Իտալիոյ Վենեթօ շրջանին մէջ, որուն մայրաքաղաքը Վենետիկն է, 2.2 միլիոն ընտրողներ «այո» քուէարկած են Իտալիայէն անջատման:
Կիրակի օր ընթացք առած հանրաքուէն կազմակերպած էր «Վենեթոյի անկախութիւն» կուսակցութիւնը: Ըստ լրատուամիջոցներու, քուէարկութիւնը իրաւաբանական ուժ չունի:
Շրջանի նահանգապետ Լուքա Զայա նշած է, որ շրջանը Հռոմին շուրջ 71 միլիառ եւրօ հարկ կու տայ, երբ Իտալիոյ շրջաններուն գրեթէ կէսը պաշտօնապէս հասցուած են սնանկութեան:
«Վենեթոյի անկախութիւն» կուսակցութիւնը արդէն յայտարարած է, որ մտադիր է հասնիլ իրական հանրաքուէ կատարելու իրաւունքին:
CATEGORIES Միջազգային

