«Իրանի Մէջ Խափանարարութեանց Եւ Տասնեակներով Գաղտնի Գործողութեանց Հեղինակը Իսրայէլն Է» Ըսաւ Կանց

Պենի Կանց

Պենի Կանց

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Պենի Կանց «Կան Եիվնի» երկրորդական վարժարանի աշակերտներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ. «Իսրայէլ անցնող տարիներուն ընթացքին Իրանի մէջ պատահած խափանարարական գործողութեանց մէջ դեր ունի»` նշելով, որ Իսրայէլ կատարած է տասնեակներով գաղտնի գործողութիւններ, «որոնց մէկ մասը վերջին շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցան»:

Կանց ըսաւ, որ իսրայէլեան բանակը կատարած է տասնեակներով գաղտնի գործողութիւններ, որոնց մէկ մասը անցեալ շաբթուան ընթացքին` նշելով, որ «այդ գործողութիւններուն մէկ մասը կարճ հասողութեամբ եւ անմիջական էին, իսկ միւս մասը` Իրանէն շատ աւելի հեռուն եղող գործողութիւններ»: «Անոնք իսրայէլեան բանակի գործողութեանց տարածքէն դուրս շրջաններ չեն», ըսաւ ան:

Share this Article
CATEGORIES