Խրիմ Պաշտօնապէս Մաս Կազմեց Ռուսիոյ

Putin-21032014Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ստորագրեց Խրիմի` Ռուսիոյ միացման նախագիծը, որ երէկ միաձայնութեամբ որդեգրուած էր Ռուսիոյ խորհրդարանի վերին պալատին` Դաշնակցային խորհուրդին կողմէ: Նախագիծը մէկ օր առաջ որդեգրուած էր խորհրդարանի վարին պալատին` Տումային կողմէ: Մէկ երեսփոխան դէմ քուէարկած էր բանաձեւին: Այսպիսով, Խրիմ պաշօնապէս մաս կազմեց Ռուսիոյ:

Փութին յայտարարեց, որ «մեր առջեւ մեծ աշխատանք ունինք Խրիմը ռուսական օրէնսդրութեան համապատասխան դարձնելու համար… Երկու պալատներու երեսփոխաններուն կոչ կ’ուղղեմ իրենց լաւագոյնը ընելու` ի շահ բոլոր ռուսերուն, մասնաւորաբար անոնց, որոնք Խրիմ կը գտնուին»:

Անդրադառնալով Ռուսիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն` ան ըսաւ. «Առայժմ պէտք է զերծ մնանք պատասխան քայլեր որդեգրելէ»: «Ինչ կը վերաբերի առաջին դէպքին` ամերիկեան պատժամիջոցներուն եւ երկրորդ դէպքին` Ուքրանիոյ կողմէ մուտքի արտօնագիրի դրութեան սահմանման, ես կը կարծեմ, որ մենք պէտք է ձեռնպահ մնանք պատասխան քայլերէն: Ինչ կը վերաբերի մուտքի արտօնագիրներու դրութեան, մեր կողմէ մուտքի արտօնագիր սահմանելու պարագային Ուքրանիոյ մէջ պիտի վնասուին անմեղ միլիոնաւոր ուքրանացիներ, որոնք հարուստ չեն եւ կ’աշխատին Ռուսիոյ մէջ` իրենց ընտանիքներուն օգնելու համար: Ատիկա պէտք չէ ընել», ըսաւ Փութին:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին յայտնեց, որ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու հաստատումը ապօրինի է եւ անհարկի պատուարներու ստեղծման պիտի առաջնորդէ` աւելցնելով, որ Արեւմուտքի այն պնդումը, թէ Ռուսիա Խրիմը բռնի ուժով գրաւած է, նշեալ հանրապետութեան բնակչութեան հասցէին անարգանք է:

Մինչ այդ, Ուքրանիա եւ Եւրոպական Միութիւնը Պրիւքսէլի մէջ ստորագրեցին երկու կողմերուն միջեւ Ընկերակցութեան մասին համաձայնագիրի քաղաքական մասը: Փաստաթուղթին տակ իրենց ստորագրութիւնները դրին Ուքրանիոյ վարչապետի պաշտօնակատար Արսէնի Եացենիուք եւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES