Մոլտաւիոյ Եւ Վրաստանի` Եւրոպական Միութեան Հետ Ընկերակցութեան Համաձայնագիրը Պիտի Ստորագրուի Մինչեւ Յունիս
«Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութիւնը Մոլտաւիոյ եւ Վրաստանի իշխանութիւններուն խոստացած է Ընկերակցութեան համաձայնագիրը ստորագրել մինչեւ այս տարուան յունիսը:
Այս մասին նշուած է Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու` Ուքրանիոյ հարցով տեղի ունեցած վեհաժողովին տարածած յայտարարութեան մէջ:
«Եւրոպական Միութիւնը հաստատած է իր մտադրութիւնը` Մոլտաւիոյ եւ Վրաստանի հետ ամրապնդելու քաղաքական ընկերակցութիւնն ու տնտեսական համարկումը», կը նշուի հրապարակուած յայտարարութեան մէջ, որուն մէջ նաեւ յստակօրէն կ՛ըսուի, որ Ազատ առեւտուրի վերաբերեալ համաձայնագիրը պիտի ստորագրուի յունիս 1914-էն ոչ ուշ:
CATEGORIES Միջազգային

