Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԵՐԷԿ առաւօտեան կանուխ ժամերուն ազատ արձակուեցաւ նախանցեալ յետմիջօրէին առեւանգուած լիբանանահայ քաղաքացի Ճորճ Թահմազեան:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա Իսրայէլի պատասխանած է Ժապալ Շէյխի ռմբակոծումով, ինչպէս նաեւ Շեպաայի եւ Կոլանի մէջ ականներ պայթեցնելով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ ինք Թրիփոլիի մէջ նոր հորիզոններ չի տեսներ` աւելցնելով, որ Լիբանանի ապահովական որոշումներէն ոչ մէկը գործադրուած է:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Դամասկոսի մէջ Հըզպալլայի զինուորական գործողութիւններու պատասխանատուներէն, կը գրէ, թէ Ահմետ Ասիր եւ անոր հետեւորդները կը գտնուին Արսալի մէջ: Նոյն օրաթերթին համաձայն, մարտի աւարտին յարձակումը պիտի սկսի Ռանքուս շրջանին վրայ, ուր հազարաւոր ընդդիմադիր զինեալներ կան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ խորհրդարանին կողմէ կառավարութեան տրուած վստահութեան քուէն նուաճում մըն է: Ան հաստատեց իր լաւատեսութիւնը:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամի մօտիկ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ ան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ պիտի խորհրդակցի վստահութեան քուէ ստանալէն ետք կառավարութեան Ա. նիստը գումարելու թուականին շուրջ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ուալիտ Խուրի շեշտեց, որ կառավարութեան ստացած արդիւնքը յստակ էր եւ կարելի չէր անկէ շատ բան սպասել:

ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերը «Տիար» օրաթերթին յայտնեցին, որ նախագահական ընտրութեան առումով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը գրեթէ ընտրանք չունին, բացի Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահէն եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլէն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ երեսփոխանական պլոքին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամի կառավարութիւնը կը ներկայացնէ նախարարաց խորհուրդի կազմ մը, որ պիտի փրկէ վարչակարգին հաստատութիւնները:

ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ մտավախութիւն յայտնեցին, որ Սուրիոյ պատերազմը կրնայ Լիբանան փոխադրուիլ` երկրին մէջ արձանագրուելիք ապահովական միջադէպերուն ընդմէջէն:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը կը նկատեն, որ ներքին լիբանանեան առումով Արսալի հետ զօրակցելու գրաւականին պարտադրումը վտանգաւոր տարազ մըն է:

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ուաշինկթըն յանձնառու է Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւններուն կայացումին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ բոլոր պայմանները կան նախագահական ընտրութիւնը կատարելու իմաստով:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մօտիկ սալաֆական շէյխեր նախանցեալ օր կապուած են Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու շէյխերու հետ եւ անոնց միջնորդութիւնը պահանջած Հոսն բերդին մէջ կռուած զինեալներուն ընտանիքները Լիբանան փոխադրելու առումով:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար, դատախազ Ալիս Շապթինի շեշտեց, որ կառավարութիւնը մեծ սխալ մը գործած է Սուրիոյ բանտերուն մէջ անյայտ կորսուած լիբանանցիներուն թղթածրարը իր աշխատանքային ծրագիրին մէջ չներառելով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւններուն պարագային Մուսթաքպալ հոսանքը իր թեկնածուն պիտի չունենայ, այլ` պիտի զօրակցի Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու թեկնածուին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը Կարմիր գիծ է, իսկ Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի միջամտութիւնը կարելի է քննարկել կառավարութեան նիստերուն ընթացքին:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը շեշտեց, որ իրենք զրպարտութիւններուն կը պատասխանեն գործնական քայլերով:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ անհրաժեշտ նկատեց, որ սուրիացի գաղթականները վերադառնան իրենց գիւղաքաղաքները` աւելցնելով, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ կը նախընտրէ, որ Լիբանան ունենայ հզօր նախագահ մը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կարելի պիտի չըլլար կառավարութիւն կազմել, եթէ համապատասխան միջազգային եւ շրջանային անկիւնադարձային իրադարձութիւններ չարձանագրուէին:

 

Share this Article
CATEGORIES