Վիճակագրութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը Յայտարարեց 2014-ի Առաջին Երկու Ամիսներուն Լիբանանի Սպառումի Գիներու Համեմատութիւնը

seraille_casԿազմակերպութեամբ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան հինգշաբթի, 20 մարտ 2014-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին  Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան  ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեան պաշտօնապէս յայտարարեց 2014-ի առաջին երկու ամիսներուն ընթացքին Լիբանանի մէջ սպառումի գիներուն համեմատութիւնը:

Ձեռնարկին ներկայ էին վարչապետ Թամմամ Սալամի ներկայացուցիչ, նախարար Ալիս Շապթինի, Միջին Արեւելքի մէջ վիճակագրութեան թեքնիք օժանդակութեան գրասենեակի` ՄԵԹԱՔ-ի գործավար Մոհամետ Հաժ, Միջազգային դրամական ֆոնտի  Ուաշինկթընի գրասենեակի ներկայացուցիչ Պրայըն Կրեֆ, նախկին նախարարներ, որոնց շարքին Աբրահամ Տէտէեան, Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ Յարութիւն Սամուէլեան, պետական հաստատութեանց ընդհանուր տնօրէններ, որոնց շարքին` կենսոլորտի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Պերճ Հաճեան, «Սոտեթել»-ի ընդհանուր տնօրէն Փաթրիք Ֆարաճեան, միջազգային կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, համալսարաններու նախագահներ, ակադեմականներ, սենտիքաներու ներկայացուցիչներ, Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան վարչութեան անդամ Նազարէթ Սապունճեան, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն, «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանի ընդհանուր տնօրէն Փիեռ Տահեր եւ մեծ թիւով պաշտօնատարներ:

Ձեռնարկին ընթացքին խօսք առաւ դոկտ. Կիտանեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետին կողմէ վիճակագրական աշխատանքը գնահատելու եւ անոր դերակատարութիւնը արժեւորելու նախաձեռնութեան համար:

Ան յայտնեց, որ 2014-ի սպառումի գիներուն համեմատութիւնը հետեւողական աշխատանքն է 2008-ի սպառումի գիներուն համեմատութեան` աւելցնելով, որ այդ համեմատութեան հաշուարկը կարելի եղած է իրականացնել եւ արդիական ու արհեստավարժ կերպով ներկայացնել Միջին Արեւելքի մէջ վիճակագրութեան թեքնիք օժանդակութեան գրասենեակի` ՄԵԹԱՔ-ի գործավար Մոհամետ Հաժի եւ Միջազգային դրամական ֆոնտի  Ուաշինկթընի գրասենեակի ներկայացուցիչ Պրայըն Կրեֆի թեքնիք օժանդակութեամբ:

Դոկտ. Կիտանեան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ աղքատութեան նոր համեմատութիւն մը կարելի եղած է յայտնաբերել` աւելցնելով սակայն, որ այդ աշխատանքը վերջնականանալու փուլին մէջ կը գտնուի:

Դոկտ. Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հաստատութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնք գործակցեցան Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան հետ, ինչպէս նաեւ վիճակագրութեան համեմատութիւնները հաշուող անձնակազմին` անոր լուրջ եւ արհեստավարժ աշխատանքին համար:

Ապա ան յայտարարեց 2014-ի յունուար եւ փետրուար ամիսներուն ընթացքին Լիբանանի մէջ սպառումի գիներուն համեմատութիւնները, որոնք են.

Լիբանանի մէջ սպառումի գիներուն 2014 յունուարի համեմատութիւնը 0,9 առ հարիւրի աճ արձանագրած է: Այս համեմատութիւնը – Պէյրութի մէջ արձանագրած է 0,4 առ հարիւրի աճ,

– Լեռնալիբանանի մէջ արձանագրած է 0,8 առ հարիւրի աճ,

– Հիւսիսային Լիբանանի մէջ արձանագրած է 2 առ հարիւրի աճ,

– Պեքաայի մէջ արձանագրած է 1,3 առ հարիւրի աճ,

– Հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրած է 1,4 առ հարիւրի աճ,

– Նապաթիէի մէջ արձանագրած է 2,2 առ հարիւրի աճ:

Լիբանանի մէջ սպառումի գիներուն 2014 փետրուարի համեմատութիւնը 0,7 առ հարիւրի նուազում արձանագրած է: Այս համեմատութիւնը

– Պէյրութի մէջ արձանագրած է 1,2 առ հարիւրի նուազում,

– Լեռնալիբանանի մէջ արձանագրած է 0,7 առ հարիւրի նուազում,

– Հիւսիսային Լիբանանի մէջ արձանագրած է 0,6 առ հարիւրի նուազում,

– Պեքաայի մէջ արձանագրած է 1,1 առ հարիւրի նուազում,

– Հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրած է 0,9 առ հարիւրի նուազում,

– Նապաթիէի մէջ արձանագրած է 0,7 առ հարիւրի նուազում:

 

Իր կարգին, Մոհամետ Հաժ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ բարձր գնահատեց Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան բծախնդիր աշխատանքը, ինչպէս նաեւ արժեւորեց այդ աշխատանքին համար օգտագործուած արդիական թեքնիքները:

Հաժ յաջողութիւն մաղթեց Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան եւ հաստատեց, որ ՄԵԹԱՔ պիտի շարունակէ իր գործակցութիւնը այս վարչութեան հետ եւ պիտի ամրապնդէ զայն:

Ձեռնարկին աւարտին նախարար Շապթինի կարդաց վարչապետ Սալամի խօսքը:

Վարչապետ Սալամ դրուատեց Միջազգային դրամական ֆոնտին թեքնիք հովանաւորութեամբ կատարուած Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան աշխատանքը` զայն որակելով նոր նուաճում մը:

«Երկրի մը մէջ վիճակագրութեան աշխատանքը խիստ կարեւոր է եւ առողջ տնտեսութեան չափանիշ մը: Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ջանքերը ողջունելի են եւ պիտի շարունակուին, որովհետեւ անոնք կ՛օժանդակեն զանազան մարզերուն իրավիճակը հասկնալու», նշեց Շապթինի:

Վարչապետ Սալամի խօսքին մէջ հաստատուած էր նաեւ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան հետ գործակցելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ տնտեսութեան թափանցիկութիւնը ապահովել, ինչպէս նաեւ գոհացնել քաղաքացիներուն եւ պետութեան միջեւ հաշտութեան դաշինքը:

 

Share this Article
CATEGORIES