Վարչապետարանին Մէջ Պաշտօնական Ընդունելութիւն` Ի Պատիւ Վարչապետ Թամմամ Սալամի

Սալամ կը ստուգէ վարչապետարանին պահակագունդը
Երէկ առաւօտեան ժամը 9:30-ին, վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի պաշտօնական ընդունելութիւն, անոր կազմած կառավարութեան համար խորհրդարանին շնորհած վստահութեան քուէէն ետք:
Վարչապետ Սալամ դիմաւորուեցաւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Սուհէյլ Պուժիի, վարչապետարանի պահակագունդին, ինչպէս նաեւ պաշտօնէութեան եւ խորհրդատուներուն կողմէ:
Վարչապետ Սալամ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ վարչապետին փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները` կառավարութեան շնորհուած վստահութեան քուէին առիթով:
Փլամպլի շեշտեց, որ լիբանանեան կառավարութեան զօրակցելու եւ նեցուկ կանգնելու առումով լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն ցուցաբերած զօրակցութիւնը կը փաստէ, որ լիբանանցիները կառչած կը մնան իրենց երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումին, ինչպէս նաեւ պետական հաստատութիւններու աշխատանքին շարունակականութեան:
Փլամպլի ողջունեց կառավարութեան կողմէ ապահովական կայունութեան վերահաստատումին շեշտադրումը եւ մտահոգութիւն յայտնեց Թրիփոլիի մէջ ընթացող բռնարարքներուն եւ հիւսիսային ու արեւելեան Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ արձանագրուած ոտնձգութիւններուն գծով:
ՆՇԵՆՔ, որ Փլամպլի այցելեց նաեւ Պուսթրոս պալատ, ուր ան հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Փլամպլի ողջունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող հանդարտութիւնը եւ կոչ ուղղեց յարգելու Լիբանանի ամբողջական գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը:

