Նախագահական Պալատը Ազգային Երկխօսութեան Նիստը Հրաւիրեց Ժողովի
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակիցները հրաւիրեց ժողովի մը, որ տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 31 մարտ 2014-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:
Նախագահական պալատին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Ազգային երկխօսութեան նիստը պիտի շարունակէ քննարկել Լիբանանի պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութիւնը:
Հրաւէրին մէջ նշուեցաւ, որ նկատի ունենալով երկրին մէջ տիրող ներկայ կացութիւնը, ինչպէս նաեւ խորհրդարանին կողմէ կառավարութեան շնորհուած վստահութեան քուէն, եւ ի տես շրջանային եւ միջազգային զարգացումներուն հետեւանքով Լիբանանի դիմագրաւած ազգային մարտահրաւէրներուն, նախագահ Սլէյման Ազգային երկխօսութեան նիստը կը հրաւիրէ ժողովի մը` դիմագրաւել կարենալու համար Լիբանանի սպառնացող վտանգները, որոնք կու գան ահաբեկչութենէն, թշնամի Իսրայէլէն եւ քաղաքացիներուն ձեռքին մէջ գտնուող ապօրինի զէնքէն:
Ազգային երկխօսութեան նիստը հրաւիրուած է քննարկելու Լիբանանի պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութիւնը, որ ներկայացուած է 20 սեպտեմբեր 2012-ին:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ ինք նախագահական պաշտօնը պիտի յանձնէ ընտրուող յաջորդ նախագահին:
Ան նշեց, որ անհրաժեշտ է նախագահական ընտրութիւնները կատարել սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին` աւելցնելով, որ ինք խիղճը հանգիստ պիտի վերադառնայ իր բնակարանը, որովհետեւ ազգային իր պարտականութիւնները ամբողջացուցած պիտի ըլլայ:
Նախագահ Սլէյման մտահոգութիւն յայտնեց նախագահական մակարդակի վրայ ստեղծուելիք անիշխանութեան առնչութեամբ:
Անդրադառնալով եռեակ տարազին մասին իր այն յայտարարութեան, թէ անիկա այլեւս փայտեայ տարազ է, նախագահ Սլէյման ըսաւ, որ ինք օրին չէր սխալած, որովհետեւ այդ տարազին տէրերը արդէն իսկ հրաժարած են անկէ եւ զայն չեն որդեգրած կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ:
Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց Հըզպալլային վերջ տալու Սուրիոյ մէջ բախումներուն իր մասնակցութեան` աւելցնելով, որ ինք մինչեւ իր նախագահութեան վերջին օրը պիտի ջանայ համաձայնութիւն մը գոյացնել Լիբանանի պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութեան շուրջ:
«Ինծի համար կարեւորագոյնը կը մնայ Լիբանանի պաշտպանութիւնը` «Պաապտայի յայտարարութեան» ընդմէջէն», եզրափակեց նախագահ Սլէյման:

