Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց Նախարար Նեպիլ Ֆահմիի Լիբանան Կատարած Պաշտօնական Այցելութիւնը

Նախագահ Սլէյման եւ Նեպիլ Ֆահմի
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Նեպիլ Ֆահմի, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանած է Լիբանան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:
Ֆահմի նախագահ Սլէյմանին փոխանցեց Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահ Ատլի Մանսուրի ողջոյնները եւ շեշտեց, որ Գահիրէ կը զօրակցի Լիբանանին եւ ամէն ձեւով պատրաստ է օժանդակելու անոր:
Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ անհրաժեշտ է ամէն ջանք ի գործ դնել` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծելու, որ Եգիպտոս յանձնառու կը մնայ պատգամի եւ ազգային համերաշխութեան երկիր Լիբանանի նկատմամբ:
Իր կարգին, նախագահ Սլէյման ողջունեց Լիբանանի եւ Եգիպտոսի միջեւ պատմական յարաբերութիւնները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Եգիպտոսի կողմէ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուած մնայուն զօրակցութեան համար:
Ան մաղթեց, որ գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ լիբանանեան-եգիպտական յարաբերութիւնները ամրապնդուին եւ Ֆահմիէն խնդրեց իր ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցել նախագահ Ատլի Մանսուրի:
Պըրրիի Մօտ
Նեպիլ Ֆահմի այցելեց նաեւ Այն Թինէ, ուր ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Աշրաֆ Համտի եւ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտան:
Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ֆահմի շեշտեց, որ Լիբանանի եւ լիբանանեան պետութեան նկատմամբ Եգիպտոսի կեցուածքը զօրակցական է ու շինիչ:
Ան նշեց, որ Եգիպտոսի դիմագրաւած ներկայ պայմանները իրենց համար բարդ են, սակայն արդէն իսկ դրական միջոցներով իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն ճամբու քարտէս մը իրականացնելու նպատակով:
«Եգիպտոսի մէջ տիրող կացութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ արաբական աշխարհին ու արաբականութեան վերաբերող հարցերուն մէջ թերացում արձանագրենք, սակայն նախքան Քուէյթ մեր այցելութիւնը ուզեցինք այցելել Լիբանան` արաբական աշխարհին յայտնելու համար, որ Եգիպտոս իր արաբական եւ արաբականութեան դերակատարութեան վերսկսած է», ըսաւ Ֆահմի:
Ան շեշտեց, որ Եգիպտոս կը ձգտի կերտել արաբական աշխարհ մը, որուն մէջ փոխադարձ յարգանք, քաղաքակրթութիւն եւ ազգային համերաշխութիւն կը տիրէ:
Ան հաստատեց, որ իրենք պատրաստ են քաղաքական եւ բարոյական նեցուկ կանգնելու Լիբանանին` առանց ներքին լիբանանեան հարցերուն մաս կազմելու:
Ֆահմի նշեց, որ արաբական աշխարհին ամէնէն աւելի սպառնացող վտանգը ահաբեկչութիւնն է` իր ապահովական եւ մտաւոր մակարդակով, աւելցնելով, որ այդ վտանգին վրայ կու գան աւելնալու նաեւ համայնքային դրութիւնն ու ծայրայեղականութիւնը:
Ֆահմի այցելեց նաեւ վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի:

