Թրիփոլիի Մէջ Զինեալ Բախումները Սաստկացան. Բանակը Ականահարումներէ Անմասն Չմնաց

Երէկուան բախումներէն պահ մը

Երէկուան բախումներէն պահ մը

Թրիփոլիի մէջ զինեալ բախումներուն 20-րդ փուլը սաստիկ կերպով շարունակուեցաւ երէկ` զոհերուն թիւը հասցնելով 25-ի, իսկ վիրաւորներունը` 175-ի:

Ժապալ Մըհսենի եւ Պապ Թապպանէի միջեւ զինեալ բախումներէն բացի, լիբանանեան բանակը եւս ենթակայ դարձաւ ականահարումի:

Բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը Թրիփոլիի մէջ ապահովական իր միջոցառումները կը շարունակէ` հակակշռելու համար կացութիւնը, ինչպէս նաեւ կը հակադարձէ կրակոցներուն եւ արձակազէններուն:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ բանակի չորս զինուորներ վիրաւորուած են` զինեալ բախումներուն ընթացքին, մինչ բանակի այլ դասակներ ներխուժումներ կատարած են Քըպպէի, Մաշարիհ Հարիրիի, Մաշարիհ Ամերքանի, Ժապալ Մըհսենի, Պաքքարի եւ Ռիվայի մէջ, ուր գրաւած են զէնքեր եւ զինամթերք:

Բանակի հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Պըհսասի մէջ ական մը պայթած է, երբ բանակի շրջուն ջոկատ մը կ՛անցնէր այդ շրջանէն: Պայթումը պատճառած է նիւթական վնասներ:

Բանակին հրամանատարութիւնը այս դէպքին մասին հետաքննութիւն բացած է:

Երեկոյեան Թրիփոլիի մէջ ընթացող բախումները աւելի բուռն բնոյթ ստացան եւ կրակոցները վերածուեցան նռնականետերով եւ հրասանդերով բախումներու:

Ուշ երեկոյեան Թրիփոլիի մզկիթներէն կոչ ուղղուեցաւ բնակչութեան նախազգուշութիւններու դիմելու եւ պաշտպանուելու իրենց բնակարաններուն մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES