Հայ Դատի Յանձնախումբ` Աւստրիոյ Մէջ
Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը եւ Աւստրիոյ նորաստեղծ Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդեն, որ Ռումանիայէն ու Լեհաստանէն ետք տեղի ունեցաւ Հայ դատի յանձնախումբի կազմութիւնը Աւստրիոյ մէջ: Այս առիթով 18 մարտին Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին իբրեւ հրաւիրեալներ ներկայ էին Աւստրիոյ եւ Հունգարիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արման Կիրակոսեան, Աւստրիոյ հոգեւոր հովիւ Անդրէաս քհնյ. Իսախանեան եւ Աւստրիոյ հայ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ:
Ելոյթ ունենալով, Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան, նախ անդրադարձաւ ներկայիս հայ ժողովուրդի դիմագրաւած հիմնախնդիրներուն, Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման հարցին, Թուրքիա – Հայաստան յարաբերութիւններուն, Արցախի հարցի ներկայ- հոլովոյթին եւ մեր ընելիքներուն, ջաւախահայութեան օժանդակելու խնդիրին, Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն մերձեցման հոլովոյթի շարունակման` Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութեան որոշման լոյսին տակ եւ Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած հիմնահարցերուն:
Գասպար Կարապետեան շեշտեց, որ Եւրոպայի տարածքին Հայ դատի աշխատանքներու ծաւալման առումով իր կարեւորութիւնը ունի Աւստրիան: Ան պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կազմուած է եւ պիտի գործէ Հայ Դատի յանձնախումբը: Ներկայացնելով, որ յանձնախումբը ունի երիտասարդ եւ որոշակի պատրաստուածութիւն ունեցող կազմ, Կարապետեան ներկաներուն կոչ ուղղեց օժանդակելու Հայ դատի աշխատանքներուն, քանի որ անոնք ուղղուած են հայութեան ազգային հիմնախնդիրներու հետապնդման:
Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպան Կիրակոսեանին` ներկայ գտնուելուն համար եւ շեշտեց, որ հոն, ուր կը գործեն Հայաստանի պաշտօնական դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները, Հայ դատի գրասենեակները վերոնշեալ խնդիրներուն հարցով կը համագործակցին անոնց հետ:
Դեսպան Կիրակոսեան խօսք առնելով իր գոհունակութիւնը յայտնեց յանձնախումբի ստեղծման առիթով եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց սերտօրէն համագործակցելու յանձնախումբին հետ: Դեսպան Արման Կիրակոսեան առաջարկեց անմիջապէս հանդիպիլ` քննելու համար յառաջիկայ 24 ապրիլի նախաձեռնութիւններուն հետ կապուած միասնական գործունէութեան օրակարգը, ինչպէս նաեւ հետագայ միացեալ աշխատանքները ծրագրելու նպատակով:
Ապա Աւստրիոյ Հայ դատի նորաստեղծ յանձնախումբի ատենապետ Կարօ Շատոյեան ներկայացուց յանձնախումբի կազմը եւ իր կարգին նշեց, որ առաջին օրէն անհրաժեշտ է համագործակցիլ դեսպանութեան, ինչպէս նաեւ տեղւոյն բոլոր հայկական կառոյցներուն հետ` ծրագրելու եւ համատեղելու նպատակով աշխատանքները, որոնք ուղղուած պիտի ըլլան հիմնականին մէջ Աւստրիոյ հանրութեան, ակադեմական շրջանակներուն եւ քաղաքական գործիչներուն, որոնք կը գործեն թէ՛ երկրին եւ թէ՛ միջազգային հաստատութիւններու մէջ:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ զրոյց եւ կարծիքներու փոխանակում` գաղութի կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ:

