Ուքրանիա Կը Բողոքէ Հայաստանի Կեցուածքին Դէմ Եւ Յետս Կը Կոչէ Իր Դեսպանը

Հայաստանի մէջ արտակարգ ու լիազօր դեսպան` Իվան Քուխթա
Ուքրանիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Տանիլօ Լուպքիվսքի երէկ լրագրողներուն յայտնեց, որ Հայաստանի կողմէ Խրիմի բռնակցման ճանաչումը բացասական հետեւանքներ պիտի ունենայ երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ:
«Այսօր, ինչպէս նաեւ երէկ, արդէն երկու անգամ հրաւիրած ենք Հայաստանի դեսպանը: Անոր փոխանցեցինք մեր մտահոգութիւնը: Նոյնը փոխանցեցինք նաեւ Հայաստանի մէջ մեր դեսպանին: Այսօր հայկական կողմին դիւանագիտական բողոքի նամակ յղած ենք: Անոր մէջ կը պահանջենք Հայաստանի պաշտօնական դիրքորոշման առնչութեամբ բացատրութիւններ ստանալ: Մենք կը դիմենք Հայաստանին` պաշտօնապէս եւ հրապարակայնօրէն յայտնելու, որ ան չի ճանչնար Խրիմի բռնակցումը: Մենք այս պատասխանը կ՛ակնկալենք: Եթէ ըլլան յայտարարութիւններ կամ գործողութիւններ, որոնք կ՛ընկալուին ոչ բարեկամական, ապա ատիկա բացասական հետեւանքներ պիտի ունենայ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն վրայ», ըսաւ արտաքին գործոց փոխնախարարը:
Ուքրանացի դիւանագէտը չյստակեցուց, թէ յատկապէս ինչպէ՛ս պիտի վատթարանան Հայաստանի եւ Ուքրանիոյ յարաբերութիւնները, սակայն շեշտեց, որ խօսքը Ուքրանիոյ կողմէ կիրառուելիք մեծածաւալ քայլերուն մասին է:
Նշենք, որ երկու օր առաջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնած էր, որ Խրիմի հանրաքուէն «կը հանդիսանայ ազատ կամքի արտայայտութեան միջոցով ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի ձեռքբերման հերթական օրինակը»:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Տիգրան Բալայեան այս առնչութեամբ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցեց հետեւեալը. «Ուքրանական կողմէն նամակ ստանալուն պէս պիտի ձեւակերպենք մեր պատասխանը եւ պիտի քննարկենք, թէ այդ պատասխանը պիտի հրապարակայնացնենք, թէ` ոչ»:
Ուքրանական լրատուական գործակալութիւններ յայտարարեցին, որ Ուքրանիա յետս կոչած է Հայաստանի մէջ իր արտակարգ ու լիազօր դեսպան Իվան Քուխթան` խորհրդակցութիւններու համար:
Երէկ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն հրաւիրուած է Քիեւի մէջ Հայաստանի դեսպան Անդրանիկ Մանուկեան, որուն փոխանցուած է ուքրանական կողմի բողոքի նամակը, ուր մտահոգութիւն կը յայտնուի Խրիմի բռնակցման կապակցութեամբ Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքին վրայ դրուած տեղեկութեան առիթով:
Ուքրանիա կը ցաւի, որ հայկական կողմի դիրքորոշումը պաշտօնական հաստատում ստացաւ Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէի նիստի քննարկումներուն ընթացքին, որոնք կը վերաբերէին «Իրավիճակը Ուքրանիոյ մէջ» որոշման նախագիծին. նախագիծը կը դատապարտէ Խրիմի Ինքնավար Հանրապետութեան այսպէս կոչուած հանրաքուէն: Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը դէմ քուէարկեց այս որոշման:
Հաշուի առնելով նշուածը` ուքրանական կողմը դիմած է պաշտօնական Երեւանին` յստակացնելու Հայաստանի դիրքորոշումը Խրիմի բռնակցման վերաբերեալ:

