Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Լիբանանի 18 Տարեկանէն Վար Հաւաքական – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումները կ՛աւարտին այսօր, երբ Լիբանանի 18 տարեկանէն վար հաւաքականը կը մրցի ՀՄԸՄ Անթիլիասի դէմ:

Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, սկիզբ պիտի առնէ երեկոյեան ժամը 18:00-ին:

Նշենք, որ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները ցարդ իրենց կատարած երեք մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած են, յաջորդաբար յաղթելէ ետք Պիլիվըրզի (86-41), Հուփսի (49-43) եւ Անդրանիկի (45-37):

5-րդ հանգրուանին ՀՄԸՄ-ի մրցակիցը պիտի ըլլայ Պըրժ Այնթուրա (շաբաթ, 29 մարտ):

 

Share this Article
CATEGORIES