Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` Շապապ Արապի – ՀՄԸՄ Եւ ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Արապի
Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, վաղը` կիրակի, 23 մարտին, պիտի մրցի Շապապ Արապիի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ահտի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին:
Յաջորդ հանգրուան հասնելու համար ՀՄԸՄ պէտք է առաւելագոյն վեց կէտը ապահովէ իր մրցակիցներէն` նկատի ունենալով, որ երթուդարձի մրցումներուն աւարտին իւրաքանչիւր խմբակէ միայն կազմ մը կ՛ապահովէ յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը:
Նշենք, որ 10-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն ՀՄԸՄ-ի մրցակիցն է ՀՄՄ, որ վաղը միեւնոյն ժամուն Սալամ Զղարթայի դաշտին վրայ կը մրցի Հարըֆ Ըրտէ Խէյրիի դէմ:
Ինչ կը վերաբերի կրտսերներու ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին, վաղը ՀՄԸՄ Պէյրութ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի դաշտին վրայ կէսօրէ առաջ կը հիւրընկալէ Շապապ Արապին:

