ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՃԱՏՐԱԿԻ 9-ՐԴ ՄԻՋՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ
Լիբանանեան զանազան համալսարաններ մեծ խանդավառութեամբ կը սպասեն Հայկազեան համալսարանի ճատրակի միջհամալսարանական մրցաշարքին, որ արդէն դարձած է աւանդական:
Շաբաթ, 5 մարտ 2011-ին, համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկազեան համալսարանի մարզական գրասենեակին կազմակերպած ճատրակի տարեկան 9-րդ ախոյեանութիւնը` հովանաւորութեամբ Լիբանանեան համալսարաններու մարզական համադաշնակցութեան իրաւարարութեամբ միջազգային իրաւարար Չարլզ Քէյլիի եւ վերահսկողութեամբ համալսարանի մարզական բաժանմունքի պատասխանատու Սահակ Պիտինեանի:
13 համալսարաններէ 43 ուսանողներ մասնակցեցան այս մրցաշարքին, որ սկսաւ առաւօտեան ժամը 10:00-ին եւ կէսօրուան ճաշի դադարէն ետք երկարեցաւ մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 4:30:
Սովորականին պէս, մրցաշարքը կազմակերպուած էր երկու հանգրուանով` անհատական եւ խմբային, իւրաքանչիւր համալսարանէ չորս ուսանողի մասնակցութեամբ:
Հայկազեան համալսարանը այս մրցաշարքին մասնակցեցաւ Արա Ապաճեան, Մեղրի Գաթըրճի, Յակոբ Ղազարեան եւ Գրիգոր Օգնայեան կազմով:
Ուրախալի է, որ Հայկազեան համալսարանի ուսանող Արա Ապաճեան խլեց անհատական երկրորդութիւնը (5 կէտով), իսկ համալսարանի հաւաքականը` խմբային երրորդութիւնը (14,5 կէտ):
Մրցաշարքի աւարտին բաժակներ տրուեցան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի եւ Լիբանանեան համալսարաններու մարզական համադաշնակցութեան նախագահ Նասրի Լահուտի կողմէ` ներկայութեամբ խումբերու մարզիչներուն եւ մարզիկներուն: