«Կարմիր Գլխարկիկը»` Թատրոնի Միջազգային Օրուան Նուէրը Լիբանանահայութեան
Հարցազրոյցը վարեց` Ն. Բ.
Որո՞ւ համար հետաքրքրական չէ կամ օր մը այդպէս չէ եղած Կարմիր Գլխարկիկն ու անոր արկածախնդրութիւնը, ո՞վ օր մը այդ կերպարին հետ ապրելու չափ ուժգին չէ ըմբոշխնած Կարմիր Գլխարկիկին առօրեան, ո՞վ դասեր չէ քաղած այդ հեքիաթէն:
Համազգայինի «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբին միջնորդութեամբ եւ անոր ճամբով Կարմիր Գլխարկիկը 27, 28 եւ 29 մարտին «պիտի այցելէ» «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահ` լիբանանահայ մանուկներուն, պատանիներուն, երիտասարդներուն, նաեւ մեծերուն հետ կապ հաստատելու, անգամ մը եւս իր արկածախնդրութիւններուն մասին պատմելու: Իսկ 30 մարտին առիթը պիտի տրուի այնճարցիներուն, որպէսզի անոնք եւս «ողջունեն» Կարմիր Գլխարկիկը:
Հայրենի դերասան-բեմադրիչ Կարէն Խաչատրեանի բեմադրութեամբ ներկայացուող Շարլ Փերոյի «Կարմիր Գլխարկիկը» թատերախաղը անպայման մեծ հետաքրքրութիւն պիտի ստեղծէ եւ խանդավառութիւն սփռէ: Թատերախաղին երաժշտութեան հեղինակն է Մարդին Վարդազարեան:
Ներկայացումներէն առաջ բեմադրիչին ծանօթանալու եւ աշխատանքին մասին տեղեկութիւն ստանալու միտումով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ այս ներկայացման համար յատուկ Լիբանան հրաւիրուած բեմադրիչ Կարէն Խաչատրեանին հետ: Հարցազրոյցը` ստորեւ:
«ԱԶԴԱԿ».- Խնդրեմ հակիրճ գիծերու մէջ մեր ընթերցողներուն ներկայացնէք դուք ձեզ:
ԿԱՐԷՆ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ.- Ծնած եմ Գիւմրի, աւարտած եմ Գիւմրիի վարժարանը, զուգահեռ յաճախած եմ երաժշտական դպրոցը` ջութակի բաժին, անկէ ետք ընդունուած եմ Երեւանի պետական թատրոնի եւ շարժապատկերի հիմնարկ` դերասանական բաժին: Այս մասնագիտութիւնը աւարտելէս ետք, 1995-ին կրկին ընդունուեցայ բեմադրութեան բաժին, զոր աւարտեցի 2000-ին` իբրեւ բեմադրող: Աշխատած եմ Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի թատրոնին մէջ, այնուհետեւ հրաւէր ստացած եմ Համազգայինի թատրոնին` Սօս Սարգսեանի կողմէ, եւ 1996 թուականէն մինչեւ այսօր հոն կ՛աշխատիմ իբրեւ դերասան: Նշեմ, որ բեմադրութիւններ եւս կատարած եմ, սակայն հիմնականին մէջ կը սիրեմ բեմին վրայ ըլլալ, դերասանութիւն ընել, դերասանը ձեւով մը բեմադրիչին միջնորդն է` բեմադրողին արուեստը ներկայացնելու հանրութեան: Հաւանաբար աւելի ուշ աւելի լուրջ կերպով լծուիմ բեմադրական աշխատանքի:
«Ա.».- Դերասանութիւնն ու բեմադրութիւնը իրարու զուգահեռ կարելի չէ՞ կատարել:
Կ. Խ.- Տեսնե՛նք, սակայն խորքին մէջ իմ մասնագիտութիւնս բեմադրութիւն է, իմ մտածելակերպս ալ բեմադրիչի մօտեցում է: Ես երբ դերի վրայ կ՛աշխատիմ, կ՛աշխատիմ ոչ թէ իբրեւ դերասան, այլ իբրեւ բեմադրիչ: Դերին նկատմամբ իմ մօտեցումս աւելի բեմադրական է, ասիկա մտածելակերպ է: Բեմադրող ըլլալը ամբողջովին այլ մասնագիտութիւն է, շատերուն կը թուի, որ դերասանական փորձառութիւն ունեցողը կրնայ բեմադրութիւն կատարել, սակայն ասիկա բացարձակապէս սխալ է, երկուքը անջատ բաներ են: Համազգայինի թատրոնին մէջ կը ներկայացուին իմ բեմադրած թատրերգութիւններս:
«Ա.».- Առաջին անգամ ըլլալո՞վ Լիբանան կու գաք, ինչպէ՞ս հրաւէր ստացաք եւ եկաք, որպէսզի Համազգայինին հետ գործակցաբար թատերական ներկայացում մը պատրաստէք:
Կ. Խ.- Ասիկա երկրորդ այցելութիւնս է Լիբանան: Առաջին անգամ քանի մը տարի առաջ թատերական խումբով եկած էի. մեծապէս տպաւորուեցայ լիբանանահայութենէն, կապ եւ բարեկամութիւն հաստատեցի կարգ մը լիբանանահայերու հետ: Չեմ գիտեր` ինչո՛ւ, սակայն ես մտածեցի, որ այս գաղութին համար լաւ բան մը պէտք է ընել: Այս մտածումը միշտ միտքս էր, որովհետեւ հոս այնպիսի հայրենասիրական, մարդկային բարձր զգացումներու հաղորդ դարձայ, որ լիբանանահայութեան հետ աշխատանք մը կատարելու գաղափարը միշտ ընկերակցեցաւ ինծի: Եւ յանկարծ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կողմէ առաջարկ ստացայ, եւ որոշեցինք միասին ծրագիր մը իրականութիւն դարձնել:
«Ա.».- Ինչո՞ւ Կարմիր Գլխարկիկին պատմութիւնը ընտրեցիք:
Կ. Խ.- Հրաւէրին մէջ պարտադիր պայման էր, որ աշխատէի երեխաներուն հետ, դպրոցականներու հետ: Տարիներ առաջ, 1997 թուականին բեմադրած էի Կարմիր Գլխարկիկին պատմութիւնը: Մտածեցի, որ ատիկա լաւ նիւթ է երեխային համար, որովհետեւ հեքիաթին մէջ, յատկապէս եթէ կան անասուններ` գայլ, աղուէս, նապաստակ, թռչուններ, այդ անասուններուն դերը խաղալը մեծ հմտութիւն կու տայ երեխաներուն, որովհետեւ իւրաքանչիւրը յատուկ բնաւորութիւն է, մարմինի յատուկ շարժուձեւեր են, յատուկ ձայն ու հայեացք է, այսինքն աշխատելու հետաքրքրական նիւթ կայ: Անկէ զատ ալ, Կարմիր Գլխարկիկի նիւթը շատ արդիական է այսօր: Թերեւս 20-30 տարի առաջ կար այն հոգեբանութիւնը, որ բարին պէտք է յաղթէ չարին ու վերջ, բայց կեանքը ցոյց կու տայ, որ բարին, որպէսզի յաղթէ, պէտք է ըլլայ ուժեղ, նախաձեռնող, համարձակ, խելացի եւ այլ բազմաթիւ յատկութիւններու տէր: Այսինքն այն հանգամանքը, որ ինք բարի է, բաւարար չէ յաղթելու համար: Ասիկա կայ նաեւ մեր կեանքին մէջ, մարդը իր բարի նպատակներուն համար շատ բան պէտք է ընէ, որպէսզի հասնի իր թիրախին:
Հետաքրքրականը այն է, որ փորձերու սկսելէ առաջ երկու անգամ երեխաներուն հետ զրուցեցի, որպէսզի իրենց նիւթը փոխանցեմ եւ գիտնամ, թէ ի՛նչ կը մտածեն: Անոնք համաձայն էին իմ տեսակէտիս, այսինքն բարին յաղթելու համար երբեք պէտք չէ բաւարարուի այն հանգամանքով, որ ինք բարի է: Այդ երեխաները իրենց կեանքի փորձառութեամբ արդէն ատիկա գիտէին: Ուրեմն նիւթին առնչութեամբ մենք համախոհ էինք, ինչ որ կարեւոր է, որովհետեւ ամբողջ գործը հիմնուած է այդ փիլիսոփայութեան վրայ:
«Արեգ» թատերախումբի անդամներուն հետ աշխատանքը թէեւ սկզբնական հանգրուանին որոշ դժուարութիւններու հանդիպեցաւ, որովհետեւ անոնց կը պակսէր դերասանական հմտութիւնը, թատերական հիմնական ձեւերուն վարժ չըլլալը, սակայն ժամանակի ընթացքին, թէեւ ժամանակն ալ շատ երկար չէ, կրցանք այդ բոլորը յաղթահարել: Սկզբնական շրջանին մանուկներուն թիւը բաւական մեծ էր, սակայն ընտրութիւն կատարեցինք, եւ այսօր ունինք տասը հոգինոց խումբ մը:
Հետաքրքրական բան մըն ալ կայ այս ներկայացումին մէջ, մեծ մայրը ոչ թէ մանուկ մըն է, այլ` երէց կին մը, դերասանուհի մը, որովհետեւ սուտ եւ կեղծ է, երբ 13-14 տարեկան երեխան մեծ մայրիկին դերը կը խաղայ: Նաեւ կայ այն, որ փոքրիկ դերասանները բեմին վրայ կենդանի կերպով պիտի երգեն, այսինքն ձայնագրութիւն չկայ: Ասիկա կարեւոր է մթնոլորտ ստեղծելու եւ հարազատութիւն պահելու համար:
Պէտք է ըսել, որ տարբեր հանգամանքներ նկատի ունենալով` բաւական մեծ աշխատանք է կատարուածը: Գիտէք, որ մանուկներուն եւ պատանիներուն համար դերասանութիւնը սիրողական է, ուրեմն կարելի չէ անոնց ստիպել այս կամ այն բանը ընել, անոնք նաեւ ծանրաբեռնուած են դասերով եւ այլ զբաղումներով, ինչ որ որոշ դժուարութիւններ կը ստեղծէ, բայց եւ այնպէս ես այնպէս աշխատեցայ, որ ի գործ դրուած հաւաքական ճիգին արդիւնքը որակաւոր ըլլայ: Ես մանուկներուն հետ կը վարուիմ իբրեւ մասնագէտներու, այդպէս կը մօտենամ եւ այդ հիման վրայ ալ իրենցմէ անդրադարձ կը ստանամ: Ես յաճախ անոնց կ՛ըսեմ, թէ կարեւոր չէ, որ դուք հետագային դերասան դառնաք կամ բեմադրիչ, բայց այն իրականութիւնը, որ դուք թատրոնի մէջ էք, արուեստի հետ կապի մէջ էք, այնպիսի նկարագրային գիծ կը կերտէ ձեր մէջ, որ կարելիութիւն կու տայ լաւ մարդիկ, լաւ քաղաքացի ըլլալու եւ այս գաղութին մէջ դերակատարութիւն ունենալու: Այսինքն գաղութին համար կարեւոր է ունենալ արուեստ գնահատող նոր սերունդ մը: Այս իմաստով շատ կարեւոր է Համազգայինի Շրջանային վարչութեան եւ այլ միութիւններու տարած մշակութային գործունէութիւնը, որովհետեւ այդպիսով մանուկները կը թրծուին, կը կոփուին իբրեւ մշակոյթին հետ կապ ունեցող, զայն արժեւորող անձեր: Ապագային ասիկա շատ մեծ օգտակարութիւն է գաղութին եւ հայութեան համար: Այսինքն հիմա համայնքը աշխատանք կը տանի, որպէսզի այդ մանուկը կրթուած անձ ըլլայ, իսկ աւելի ուշ ան անպայման մեծ օգուտ պիտի ունենայ համայնքին:
«Ա.».- Լիբանանահայ մշակութային կեանքին պատկերը ինչպէ՞ս տեսաք:
Կ. Խ.- Շատ յատկանշական է, որ մշակութային եռուն կեանք կայ լիբանանահայ իրականութեան մէջ` ժապաւէնի ցուցադրութիւն, համերգ, ասմունքի երեկոյ եւ այլն: Ասիկա` ոչ միայն պատահական կերպով, այլ` շաբաթական դրութեամբ: Այս իրողութիւնը մեծապէս գովելի եւ քաջալերական է: Մենք այսօր պիտի կարենանք աշխարհը զարմացնել մեր մշակոյթով: Երբ նման ձեռնարկներու եւ հանդիսութիւններու ընդմէջէն դուն հայ մշակոյթին հաղորդակից կը դարձնես գաղութի զաւակները, այս կամ այն չափով անոնք կը դառնան այդ մշակոյթի կրող, այս մէկուն կարեւորութիւնը իրենց մէջ կը պահեն անպայման: Իսկ երբ մշակոյթն ու մեր արժէքները արմատաւորելու աշխատանքը կը կատարուի փոքր տարիքէն, ատիկա տուեալ անձին համար կը դառնայ սովորական անհրաժեշտութիւն մը, անոր համար նման ձեռնարկներու ներկայութիւնը պայման կը դառնայ, օդի ու ջուրի նման կարեւորութիւն կը ստանայ:
«Ա.».- Ուրեմն մշակոյթը մեր կեանքին մէջ ներկայութիւն դարձնելու կարեւոր աշխատանքը արդէն կը տարուի:
Կ. Խ.- Այո՛, այդ աշխատանքը նկատելի եւ ողջունելի է: Նաեւ ողջունելի է Համազգայինի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութիւնը` Հայաստանէն եւս մասնագէտներ բերելու, որպէսզի անոնք իրենց գիտութիւնն ու փորձառութիւնը դնեն ի սպաս նոր սերունդներուն: «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին մէջ շատ կարեւոր է այն, որ ուսուցիչները իրենց կարգին կը պատրաստեն ուսուցիչներ: Այսօրուան ուսուցիչները կրնան վաղը Երեւան վերադառնալ, ուրիշներ դադրին գործելէ, սակայն անոնց պատրաստած մշակութային ժառանգութիւնը, որ կը մարմնաւորուի անոնց աշակերտածներուն ընդմէջէն, պիտի մնայ ու գոյատեւէ, երէկուան աշակերտը պիտի ըլլայ այսօրուան ուսուցիչը, եւ կարեւոր է, որ լիբանանահայեր այդ կրթութիւնն ու կարողականութիւնը ունենան: Ուրեմն լաւ ուսուցիչը ոչ միայն այն է, որուն տրուած են լաւ աշակերտներ, այլ ան է, որ ի՛նք կը պատրաստէ լաւ ուսուցիչ` իբրեւ իր գործը շարունակող: Նկատելի է, որ հոս այդ ընթացքը կայ եւ մեծապէս գնահատելի է:
Ինչպէս նախապէս ըսինք, մշակութային առումով հոս հիմնականին մէջ սիրողական մօտեցումը կայ, սակայն նուիրուածութիւնը, փափաքը` լաւ ու գեղեցիկ բան մը ընելու, հետեւողականութիւնը, որուն ընդմէջէն իսկական հմտութիւններ ձեռք կը ձգուին սիրողականէն շատ աւելի անդին կը տանին արուեստը եւ կը հասցնեն մասնագիտական մակարդակի:
«Ա.».- Իբրեւ «Կարմիր Գլխարկիկ»-ի բեմադրիչ` այս առիթով ի՞նչ խօսք կ՛ուղղէք լիբանանահայ աշակերտներուն:
Կ. Խ.- Քիչ առաջ յիշեցինք, որ բարին յաղթելու համար պէտք է ունենայ որոշ որակական տուեալներ ու բնաւորութեան գիծեր: Այս թատրոնը ա՛յս մասին կը խօսի. բարին կը յաղթէ, երբ ինք լաւ ընկեր է, հոգատար է, բարութիւնը պէտք է ըլլայ գործնական եւ ոչ վերացական: Մեր ներկայացման մէջ այդ գործնականը կը հրամցուի, շեշտը կը դրուի գործնական, ինքնազոհաբերուելու հասնող բարութեան վրայ` իբրեւ կեանքի բաղադրիչ մասի ու փիլիսոփայութեան:
Կը հրաւիրեմ աշակերտներն ու ծնողները, որպէսզի գան ու դիտեն, որովհետեւ ասիկա պիտի հետաքրքրէ երկուքն ալ, այս երեւոյթները բոլորիս կեանքերուն մէջ առկայ են, ցարդ մեր փորձերուն ներկայ եղող երէցները եւս հիացմունք արտայայտեցին ու հետաքրքրական գտան:
Այս առիթով կ՛ուզեմ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, որ իր այս հրաւէրով կարելիութիւն տուաւ լիբանանահայ իրականութեան եւ գաղութին հետ կապ հաստատելու եւ աշխատելու: Շնորհակալ եմ բոլոր անոնց, որոնք օգնեցին ինծի, որպէսզի այս աշխատանքը կարենամ իրականացնել: Բնականաբար կան հարցեր, սակայն կան նաեւ լաւապէս գործակցողներ, որպէսզի այս հարցերը լուծուին եւ լաւ աշխատանք մը ներկայացուի գաղութին: Կայ հաւատքը, պատրաստակամութիւնը եւ ոգեւորութիւնը, որոնք մեզ պիտի տանին դէպի 27 մարտ, երբ պիտի ներկայացուի «Կարմիր Գլխարկիկ»-ը: Պէտք է նշել, որ 27 մարտը Թատրոնի միջազգային օրն է, եւ ասիկա մեր կողմէ նուէր կ՛ըլլայ լիբանանահայ գաղութին: Այդ օրը տօն պիտի ըլլայ` թատրոնի միջոցով Թատրոնի միջազգային օրուան իւրայատուկ նշումով:

