Արցախեան Ազատամարտիկ Պետրոս Ղեւոնդեանի Յիշատակին Նուիրուած Ծառատնկում

CIMG6166Երեքշաբթի, 18 մարտի առաւօտեան ժամը 9:30-ին ՋԱՀ  (Ջաւախք, Արցախ, Հայաստան) յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ տարբեր վարժարաններու մէջ արցախեան ազատամարտիկներու յիշատակին ծառատնկում կատարելու ծիրին մէջ, հերոս Պետրոս  Ղեւոնդեանի (Պետօ) յիշատակը յաւերժացնող ծառ մը զետեղուեցաւ Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի բակին մէջ:

Յանձնախումբի անունով բացման խօսքը կատարեց Յակոբ Գառնէշեան` բացատրելով օրուան խորհուրդը: Ապա Ռիթա Սարգիսեան ընթերցեց Պետոյի մահուան դրուագը: Յասմիկ Զէյթունլեան եւ Նանոր Պէօյիւքեան երգեցին «Զինուորի երգը»: Ապա տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն` «Խոնարհ հերոսներ» շարքէն Պետոյին նուիրուած շարժապատկերը: Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ Գարէն Պօղոսեանի եւ Սիլվի Սանճօղլանեանի «Պետոյին» ասմունքով:

Ձեռնարկը շարունակուեցաւ բացօթեայ դաշտին մէջ:

ՋԱՀ յանձնախումբի խօսքը փոխանցեց Արին Գալուստեան: Ան ըսաւ, որ ծառատնկումի այս աշխատանքը կը միտի բնութեան հոգատարութեան ճամբով աշակերտութեան մէջ արթնցնել ազգի հոգատարութեան զգացումը: Ամէն օր ջրելով եւ խնամելով ծառը անոնք պիտի զգան, որ կ՛անմահացնեն Արցախի հերոսներու յիշատակը, որ կը մարմնաւորուի Պետոյի յիշատակով:

Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ աշակերտները Պետոյի օրինակին հետեւելով պէտք է ստանան բարձրագոյն կրթութիւն եւ զինուին գիտութեամբ, միեւնոյն ժամանակ ըլլալով նուիրաբերող, համեստ եւ խրոխտ: Հայ ժողովուրդը պէտք ունի նորօրեայ Պետոներու: Ան վարձքը կատար ըսաւ ուսուցիչներուն, որոնք օրն ի բուն կ՛աշխատին նորօրեայ Պետոներու հոգատարութեամբ:

Ապա վարժարանի տնօրէն Նելլի Վեքիլեան, յանձնախումբի ներկայացուցիչները, ուսուցիչներ եւ աշակերտներ միասնաբար զետեղեցին ծառը հողին մէջ եւ տեղադրեցին այս նպատակով պատրաստուած ցուցանակը:

Նելլի Վէքիլեան մեծապէս գնահատեց ՋԱՀ-ի ծառատնկումի նախաձեռնութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES