Ծառատնկում` Նուիրուած Արցախեան Ազատամարտիկ Նահատակ Ալպերթ Ալավերտեանի Յիշատակին

IMG_3332Նախաձեռնութեամբ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ (Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան) յանձնախումբին, չորեքշաբթի, 19 մարտ 2014-ին, Հայ աւետարանական բարձրագոյն վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ ծառատնկում` նուիրուած Արցախեան ազատամարտիկ նահատակ Ալպերթ Ալավերտեանի  (Հրազդանի Աբօ) յիշատակին:

Յանձնախումբին կողմէ ներկայ էին Յակոբ Գառնէշեան եւ Կարէն Խայեաթ: Իր խօսքին մէջ Յակոբ Գառնէշեան անդրադառնալէ ետք հայոց նորագոյն ազատագրական պայքարին` Արցախեան հերոսամարտին ունեցած կարեւորութեան, շեշտը դրաւ այն երեւոյթին վրայ, որ իրերայաջորդ սերունդներ պարտաւոր են վառ պահել նահատակներու յիշատակը եւ շարունակել անոնց երթը: Այս առիթով ան նաեւ ընդգծեց, որ ծառատնկումը կը միտի ունենալ երկու նպատակակէտ` կենսոլորտի մաքրութեան պահպանում եւ տուեալ հերոսը անմահացնող շօշափելի արտայայտութիւն:

Ծառատնկումի արարողութեան մասնակից եղան վերապատուելի Սողոմոն Քիլաղպեան, տնօրէն Մարալ Տէյիրմենճեան, ուսուցիչներ եւ աշակերտներ:

Ապա վարժարանի «Յիշատակ»-ի սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ ՋԱՀ-ի կողմէ տրամադրուած տեսերիզը` նուիրուած ազատամարտիկ Ալպերթ Ալավերտեանի: 8-րդ դասարանի աշակերտ Արամ Ադամեան ասմունքեց Դանիէլ Վարուժանի «Դերենիկը»:

Յակոբ Գառնէշեան ներկայացուց ազատամարտիկի կենսագրականը, որմէ ետք տնօրէն Մարալ Տէյիրմենճեան խորապէս գնահատեց նախաձեռնութիւնը եւ աշակերտները հրաւիրեց տէր կանգնելու ազգային արժէքներու, ինչպէս նաեւ ամուր պահելու նահատակութեան սրբազան գաղափարը:

Share this Article
CATEGORIES