Երկրագունդի Ապագան. Այս Անգամ Լուրը Պաշտօնական Է
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՄԻՆՉԵՒ ՆԵՐԿԱՅ ԴԱՐՈՒ ՎԵՐՋԸ ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ՋԵՐՄԱՑՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏՃԱՌԷ ԼԱՅՆԱՏԱՐԱԾ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ, ՏԵՂԱՀԱՆ ՊԻՏԻ ԸՆԷ ՄԻԼԻՈՆԱՒՈՐ ԱՆՁԵՐ ԵՒ ԹՐԻԼԻՈՆԱՒՈՐ ՏՈԼԱՐԻ ՎՆԱՍՆԵՐ ՊԱՏՃԱՌԵԼՈՎ` ՊԻՏԻ ՔԱՅՔԱՅԷ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ: ՄԱԿ-Ի ԿՈՂՄԷ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԱԾ ԵՒ ՏԱԿԱՒԻՆ ՉՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԱԾ, ՍԱԿԱՅՆ ԴՈՒՐՍ ՍՊՐԴԱԾ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ ՄԸ ԿԸ ՊԱՐՈՒՆԱԿԷ ՑԱՐԴ ԱՄԷՆԷՆ ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԼԻՄԱՅԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ: ԻՍԿ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԼԱՒ ՉԵՆ, ԻՆՉՊԷՍ ԿԸ ԳՐԷ «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ»:
ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան միջկառավարական դատական կազմին մէկ տեղեկագիրը, որ պիտի հրապարակուի մարտի վերջերուն, կ՛ըսէ, թէ հետզհետէ ջերմացող կլիման աշխարհը պիտի մատնէ շատ ծանր վիճակի, պատճառ պիտի դառնայ զանգուածային գաղթերու, մասնաւորաբար` Ասիոյ տարածքին եւ պիտի աւելցնէ բիրտ բախումներու հաւանականութիւնը:
Տեղեկագիրը հիմնուած է հազարաւոր ուսումնասիրութիւններու վրայ, որոնք պատրաստուած են իրենց մասնագիտական կարողութեամբ յարգանք վայելող հարիւրաւոր գիտնականներու կողմէ եւ վաւերացուած` գիտական շրջանակներու կողմէ: Անիկա կը նախատեսէ, թէ մինչեւ ներկայ դարու վերջը աշխարհի բերքերը իւրաքանչիւր տասնամեակի պիտի նուազին միջին հաշուով 2 առ հարիւր համեմատութեամբ, մինչ շատ աւելի մեծ քանակութեամբ ուտելիքի պահանջ պիտի ստեղծուի: Ասիկա իր կարգին պատճառ պիտի դառնայ, որ անչափահասներու քով սննդազրկութիւնը աւելնայ 20 առ հարիւրով:
Տեղեկագիրը կը նախատեսէ, թէ ընդհանրական ջերմացումը իր անդրադարձը պիտի ունենայ նաեւ մարդկային առողջութեան վրայ: Սաստիկ տաքի ալիքները աւելի յաճախակի պիտի դառնան եւ պիտի աւելցնեն սննդեղէնի եւ ջուրի ապականութեան պատճառով ստեղծուած հիւանդութիւններու վտանգը:
Բրիտանիա համեմատաբար աւելի նուազ ենթակայ պիտի դառնայ ընդհանրական ջերմացումի վտանգներուն, սակայն համաշխարհային հարցեր, ինչպէս` սննդեղէնի գիներու բարձրացում, լուրջ տագնապներ պիտի պատճառեն: Հաւանական է, որ Բրիտանիոյ առողջապահական եւ կենսոլորտային «մշակութային ժառանգութիւնը» եւս վնասներ կրէ:
Տեղեկագիրին համաձայն, Սկովտիոյ եւ Իրլանտայի կանաչապատ հազուագիւտ ծովափները պիտի կորսնցնեն իրենց մամռապատ յատկանիշը: Բրիտանիոյ արդէն վատթարացած օդի ապականութիւնը շատ աւելի պիտի ծանրանայ` մինչ բրածոյ վառելանիւթերու գործածութիւնը պիտի աւելցնէ օզոնի համեմատութիւնները, իսկ աւելի ջերմ կլիման պիտի բազմապատկէ շնչարգելութեան եւ եղանակային զգայնութիւններու հաւանականութիւնը:
Ծովեզերեայ Եւ Ծովուն Մակարդակէն
Ցած Շրջաններ` Վտանգուած
Տեղեկագիրը կը նախատեսէ, թէ մինչեւ ներկայ դարու վերջը հարիւրաւոր անձեր պիտի կրեն ծովեզերեայ ողողումներու վնասները եւ պիտի գաղթեն դէպի այլ շրջաններ` ցամաքի կորուստի պատճառով: Ամէնէն աւելի պիտի տուժեն Արեւելեան Ասիոյ, Հարաւարեւելեան Ասիոյ եւ Հարաւային Ասիոյ շրջանները: Ծովուն մակարդակին բարձրացումը պատճառ պիտի դառնայ, որ ծովեզերեայ եւ ծովուն մակարդակէն ցած շրջաններու յատուկ դրութիւններ աստիճանաբար ենթակայ դառնան ողողումներու, մաշին եւ ջրամոյն դառնան:
Սննդեղէնի Տագնապ
Ճարտարարուեստականացումի նախորդած ժամանակներու ջերմաստիճանին բաղդատած համեմատաբար մեղմ բարձրացումներ, այսինքն` մէկ աստիճան եւ քիչ մը բարձր, ժխտական անդրադարձ պիտի ունենան արեւադարձային եւ բարեխառն շրջաններու մէջ ցորենի, բրինձի եւ եգիպտացորենի նման գլխաւոր բերքերու արտադրութեան վրայ: Տեղեկագիրը կը նախատեսէ, թէ կլիմայի փոփոխութիւնը մինչեւ ներկայ դարու վերջը իւրաքանչիւր տասնամեակի 2 առ հարիւր համեմատութեամբ պիտի նուազեցնէ բերքերու միջին արտադրութիւնը, մինչ անոնց պահանջը մինչեւ 2050 իւրաքանչիւր տասնամեակի պիտի աւելնայ 14 առ հարիւրով:
Համաշխարհային Տնտեսութիւն
Տեղեկագիրը կը զգուշացնէ, թէ Ճարտարարուեստականացումի նախորդած ժամանակներու ջերմաստիճանին բաղդատած 2.5 աստիճանի բարձրացումը համաշխարհային տնտեսութեան կրնայ պատճառել 0.2 – 2 առ հարիւրի վնաս: Համաշխարհային արտադրողականութիւնը 2012-ին կը հասնէր 71.8 թրիլիոն տոլարի: 2 առ հարիւր համեմատութեամբ նուազում մը 1.4 թրիլիոն տոլարի վնաս պիտի պատճառէր այդ տարուան տնտեսութեան:
Մարդկային Առողջութիւն
Մինչեւ ներկայ դարու կէսերը մարդկային առողջութեան վրայ կլիմայի փոփոխութեան ներգործութիւնը գլխաւորաբար պիտի յատկանշուի արդէն գոյութիւն ունեցող հարցերու վատթարացումով: Կլիմայի փոփոխութիւնը, որ իրեն հետ պիտի բերէ սաստիկ տաքի ալիքներ եւ հրդեհներ, բազմաթիւ շրջաններու մէջ պիտի առաջնորդէ վնասուածքներու, հիւանդութիւններու եւ մահուան աւելի բարձր համեմատութիւններու: Պիտի աւելնայ սննդազրկութեան, ինչպէս նաեւ սննդեղէնի եւ ջուրի ապականութեան պատճառով յառաջացած հիւանդութիւններու հաւանականութիւնը: Եթէ ստեղծուած նոր վիճակները դիմակալելու նպատակով մշակուած ծրագիրներու գործադրութիւնը ուշանայ, ապա մինչեւ 2050 աշխարհի տարածքին հինգ տարեկանէն վար սննդազուրկ մանուկներուն թիւը պիտի բարձրանայ 17-22 առ հարիւրով, այսինքն` սննդազուրկ մանուկներուն թիւը պիտի բազմանայ 20-25 միլիոնով:
Մարդկային Ապահովութիւն
Կլիմայի փոփոխութիւնը 21-րդ դարուն պատճառ պիտի դառնայ գաղթերու, որոնք պիտի վտանգեն մարդկային կեանքի ապահովութիւնը: Տեղեկագիրին համաձայն, անիկա անուղղակիօրէն պիտի աւելցնէ վայրագ բախումներու, քաղաքացիական պատերազմներու, ներքին բրտութեան եւ բիրտ ցոյցերու հաւանականութիւնը` սաստկացնելով նման բախումներու հիմնական պատճառները, ինչպէս` աղքատութիւն եւ տնտեսական ցնցումներ:
Փոքր կղզի-պետութիւններ եւ ծովու մակարդակի բարձրացումին դիմաց խոցելի շրջաններ մեծ սպառնալիքներ պիտի դիմագրաւեն իրենց հողային ամբողջականութեան դէմ: Կլիմայական փոփոխութեան կարգ մը «անդրսահմանային» ներգործութիւններ, ինչպէս` սառուցեալ ծովերու կրած փոփոխութիւններ, ջուրի հասարակաց աղբիւրներու օգտագործում եւ ձուկերու գաղթեր հաւանական է, որ սրեն հակամարտութիւնը պետութիւններու միջեւ:
Անուշ Ջուրի Աղբիւրներ
Տեղեկագիրը կը նշէ, թէ «կլիմայական փոփոխութեան հետ առնչուած անուշ ջուրի տագնապը պիտի սրի` օզոնի խաւը ծակող կազերու յաւելեալ արտանետումներուն պատճառով»: Տեղեկագիրին համաձայն, կլիմայական փոփոխութիւնը «զգալի կերպով պիտի ցամքեցնէ վերանորոգելի եւ ստորերկրեայ թարմ ջուրի աղբիւրները ենթաարեւադարձային չոր շրջաններու մէջ: Թարմ ջուրի եւ ցամաքի վրայ աճող բուսատեսակներ եւ անասնատեսակներ ենթակայ պիտի դառնան անհետանալու վտանգին»:
Իւրայատուկ Բնաշխարհներ
Ծովու մակերեսէն ցած կանաչապատ տարածքներ, որոնք հիւսիսարեւելեան Սկովտիոյ եւ արեւմտեան Իրլանտայի ծովեզերեայ շրջաններուն յատուկ բնաշխարհներ են եւ մաս կը կազմեն Բրիտանիոյ «մշակութային ժառանգութեան», ենթակայ պիտի դառնան կլիմայական փոփոխութեան անդրադարձներուն: Նման տարածքներ կը գտնուին միայն դէպի արեւմուտք դիտող ծովեզերեայ շրջաններու մէջ: Անոնք հարուստ են ծովային խեցիներու փշրուած պատեաններէ գոյացած կիրի բնածուխով: Նման տարածքներ այնքա՛ն հազուագիւտ են աշխարհի վրայ, որ վերջերս Բնութեան եւ գեղջկական շրջաններու պահպանումի եւրոպական համաժողովը զանոնք որակեց «անծանօթ գոհար» մը:
Կլիմայական փոփոխութիւնը կը սպառնայ նաեւ Իրլանտայի եւ Բրիտանիոյ ծովեզերեայ մամռապատ շրջաններուն: Տեղեկագիրին համաձայն, օդի ապականութիւնը առողջական լուրջ հարցեր պիտի ստեղծէ ամբողջ Եւրոպայի տարածքին: Բրիտանիոյ մէջ օդի ապականութեան համեմատութիւնները արդէն կը խախտեն Եւրոպական Միութեան ճշդած սահմանները:

