Երկրագունդի Ապագան. «Քաղաքակրթութիւններու Քայքայում»
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՆԱՍԱ-Ի ԿՈՂՄԷ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԱԾ ԵՒ ՏԵՍԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԿԻ ՄԸ ՎՐԱՅ ՀԻՄՆՈՒԱԾ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿՆԵՐՈՒՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՍՊԱՌՆԱՑՈՂ ՄՌԱՅԼ ԱՊԱԳԱՅԷՆ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԳԻՏԱԿԱՆ ՆԱԽԱԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄԻՆ ՏՐԱՄԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԻՄՔԸ:
Տնտեսական անկայուն վիճակները եւ անոնց վատթարացումը, ինչպէս նաեւ երկրագունդին բնական աղբիւրներուն չարաչար գործածութիւնը արդի քաղաքակրթութիւնը պիտի առաջնորդեն դէպի քայքայում` մինչեւ քանի մը տասնամեակ:
ՆԱՍԱ-ի կողմէ հովանաւորուած ուսումնասիրութիւնը, որ կը կատարէ այս նախատեսութիւնը, օգտագործած է տեսական օրինակներ` բացատրելու համար, թէ ճարտարարուեստականացած աշխարհին մէջ ի՛նչ պիտի պատահի մինչեւ յառաջիկայ դար: Ուսողագէտներ ի յայտ բերած են, թէ նոյնիսկ պահպանողական գնահատումներով իրերը շատ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ վատթարանալու նշաններ ցոյց կու տան:
Ակնարկելով անցեալին բարձր մակարդակ նուաճած քաղաքակրթութիւններու, ինչպէս` հռոմէական, հոներու եւ կուփթաներու (հնդկական) կայսրութիւններուն քայքայումին, ուսումնասիրութիւնը կը նշէ, թէ մարդկային ընկերութեան վերնախաւերը միշտ ալ անտեսած են մօտալուտ աղէտի նախազգուշացումները եւ շարունակած են սովորական ձեւով շարունակել իրենց կեանքը, մինչեւ որ օր մը ոչնչացած են:
«Հիումըն էնտ նէյչըր տայնամիքըլ» վերնագիրով տեսական օրինակ մը օգտագործելով` ուսողագէտ Սաֆա Մոթեշարի կը գրէ. «Վերելքի եւ քայքայումի ընթացքը կրկնուած է ամբողջ պատմութեան ընթացքին»:
Մոթեշարի իր ուսումնասիրութիւնը կատարած է բնութեան եւ մարդկային հաւաքականութիւններու մասնագէտ գիտնականներու հետ: Ուսումնասիրութիւնը հովանաւորուած է ՆԱՍԱ-ի Անջրպետագնացութեան «Կոտարտ» կեդրոնին կողմէ եւ պիտի հրատարակուի «Իքոլոճիքըլ Էքոնոմիքս» թերթին մէջ:
Իր ուսումնասիրութեան մէջ Մոթեշարի կը պեղէ այն տուեալները, որոնք կրնան առաջնորդել արդի քաղաքակրթութեան քայքայումին: Ան ի յայտ բերած է, թէ երբ տարբեր տուեալներ, ինչպէս` բնակչութեան աճ եւ կլիմայական փոփոխութիւն, կը զուգադիպին իրարու, անոնք կրնան քայքայել մարդկային ընկերութիւնը` «չարաչար օգտագործելով երկրին բնական աղբիւրները», ինչպէս նաեւ «ընկերութեան մէջ ստեղծելով տնտեսական խաւերու բաժանումներ` վերնախաւերու եւ զանգուածներու միջեւ»:
Մոթեշարիի համաձայն, քաղաքակրթութիւնը «բաւական երկար ժամանակ կը յաջողի կանգուն պահել ինքզինք, սակայն բնական աղբիւրներու ամենադոյզն վատնումը եւ նոյնիսկ փոքրաթիւ վերնախաւի մը յայտնութիւնը կ՛առաջնորդեն քայքայումի. վերնախաւերը կը սկսին շատ սպառել, ինչ որ սովի կը մատնէ զանգուածները եւ ի վերջոյ պատճառ կը դառնայ ամբողջ հաւաքականութեան կործանումին»:
Տեղեկագիրին համաձայն, քայքայումի յոռեգոյն տարբերակը անխուսափելի չէ: Տեղեկագիրը կոչ կ՛ուղղէ իրական աշխարհի «վերնախաւերուն»` վերականգնելու աշխարհի տնտեսութեան հաւասարակշռութիւնը:
«Կարելի՛ է խուսափիլ քայքայումէն եւ աշխարհի բնակչութիւնը կրնա՛յ նուաճել հաւասարակշռուած մակարդակ, եթէ նուազ տարողութեամբ օգտագործուին երկրագունդին բնական աղբիւրները եւ ապահովուի անոնց գոյատեւումը, եւ եթէ բնական աղբիւրները բաժնուին տրամաբանական չափով եւ հաւասար ձեւով», կը գրեն ուսումնասիրութեան հեղինակները:
«Առաջին անգամ չէ, որ գիտնականներ կը փորձեն մարդկութիւնը զգուշացնել համաշխարհային մօտալուտ աղէտէ: Անցեալ տարի Սթիֆըն Հոքինկ եւ բրիտանացի խումբ մը ականաւոր գիտնականներ սկսան պատրաստել «դէպի աշխարհի վերջը առաջնորդող իրադարձութիւններու ցանկ» մը: Անիկա կը թուէ առայժմ նուազ վտանգաւոր, սակայն հետագային աղէտալի հետեւանքներ սպառնացող վիճակներ, որոնք կրնան կործանել աշխարհը:

