Երկրագունդի Ապագան. «Աշխարհի Բազկերակը»

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

«Աւաազ»-ի հարցախոյզին մասնակցողներուն 37 առ հարիւրը անհրաժեշտ կը նկատէ միջոցառումներու դիմել` «կանխարգիլելու համար կենսոլորտի աղէտալի փոփոխութիւնը»:

«Աւաազ»-ի հարցախոյզին մասնակցողներուն 37 առ հարիւրը անհրաժեշտ կը նկատէ միջոցառումներու դիմել` «կանխարգիլելու համար կենսոլորտի աղէտալի փոփոխութիւնը»:

ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ՄԱՐԴԻԿ ԱՄԷՆԷՆ ԱՒԵԼԻ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՑԱՆԿԱՆ: 194 ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ 116 ՀԱԶԱՐ ՀՈԳԻ ՄԱՍՆԱԿՑԱԾ ԵՆ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՃԱՄԲՈՎ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՀԱՐՑԱԽՈՅԶԻ ՄԸ, ՈՐ ԿԸ ՄԻՏԻ ՀՆՁԵԼ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՐԾԻՔԸ: ՀԱՐՑԱԽՈՅԶԸ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ Է 33 ՄԻԼԻՈՆ ԱՆԴԱՄ ՀԱՇՈՒՈՂ ԱՔԹԻՒԻՍԹ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԿՈՂՄԷ, ՈՐ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ Է, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԿԸ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԻ ԻՐ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՎ: ԻՍԿ Ի՞ՆՉ Է ՄԱՐԴՈՑ ԱՄԷՆԷՆ ԲՈՒՌՆ ՑԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ. «ՊԱՅՔԱՐ` ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ»: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ ՆՈՐ ՁԵՒԵՐՈՎ  ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՆՈՐ ԿԱՐԳ ՄԸ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ՀԵՌԱՆԿԱՐԸ:

Քաղաքական փտածութեան դէմ պայքարը, տնտեսական անարդարութիւնը եւ կլիմայի աղէտալի փոփոխութիւնը ամէնէն աւելի կը մտահոգեն աշխարհի բնակիչները, ինչպէս ցոյց կու տայ աշխարհի տարածքին երբեւիցէ կատարուած ամէնէն լայնատարած հարցախոյզը:

Ընկերային հարցերու համար պայքարող «Աւաազ» կազմակերպութիւնը համացանցի ճամբով կատարած է հարցախոյզ մը, որուն պատասխանած են 194 երկիրներէ 116 հազար անձեր: Անոնք նաեւ կոչ կ՛ուղղեն պայքարելու ստրկատիրութեան դէմ, ծինական փոփոխութիւններու ենթարկուած սննդեղէնի արտադրութեան դէմ, ինչպէս նաեւ` պաշտպանելու վտանգուած անասնատեսակներն ու բուսատեսակները:

Այնպիսի ժամանակներու, երբ մարդիկ ընդհանրապէս դերակատար չեն աւանդական քաղաքականութեան մէջ եւ  կուսակցութիւններու անդամակցութիւնը կը նուազի, «Աւաազ»-ի նման աղերսագիրներ հաւաքող կազմակերպութիւններ հետզհետէ աւելի լայն զօրակցութիւն կը վայելեն: Անցեալ տարի «Աւաազ»-ի անդամ էին աշխարհի տարածքին 17 միլիոն հոգի: Այժմ անոնց թիւը բարձրացած է 33 միլիոնի:

«Աւաազ»-ի ընտրած պայքարները կազմակերպող բաժանմունքի ղեկավար Մերետիթ Ալեքսանտր կ՛ըսէ, թէ կազմակերպութեան նպատակն է «ստուգել աշխարհի բազկերակը»:

«Աւաազ» հարցախոյզին մասնակցողներէն խնդրած է ընտրել կազմակերպութեան 2014-ի առաջնահերթ պայքարի 3 դաշտերը: Նորագոյն արդիւնքները ցոյց կու տան, թէ մարդիկ ամէնէն աւելի կը ձգտին «պայքարիլ քաղաքական փտածութեան դէմ, ներառեալ` պետական մակարդակի փտածութիւն»: Այս մէկը առաջնահերթութիւն է հարցախոյզին մասնակցողներուն 49 առ հարիւրին համար: Մասնակցողներուն 38 առ հարիւրը նախընտրած է պայքարիլ` ընտրելու համար «տնտեսական քաղաքականութիւն մը, որ կը նպաստէ հասարակաց բարօրութեան եւ ոչ` սակաւաթիւ ընտրեալներու վերնախաւի մը», իսկ 37 առ հարիւրը անհրաժեշտ կը նկատէ միջոցառումներու դիմել` «կանխարգիլելու համար կենսոլորտի աղէտալի փոփոխութիւնը»: Այլ առաջնահերթութիւններ են` «ստրկութեան եւ մարդկային վաճառքի դէմ պայքարը», զայն առաջնահերթ կը նկատէ մասնակցողներուն 36 առ հարիւրը, «առողջութեան եւ սննդեղէնի ապահովումը, ներառեալ` ծինական փոփոխութեան ենթարկուած սննդեղէնի դէմ պայքար», զայն անհրաժեշտ կը նկատէ մասնակցողներուն 27 առ հարիւրը, եւ` «վտանգուած անասնատեսակներու եւ բուսատեսակներու պաշտպանութիւնը, ներառեալ` բնաշխարհի կենսաբանական այլազանութեան պաշտպանութիւն», զայն անհրաժեշտ կը նկատէ մասնակցողներուն 27 առ հարիւրը:

Թերեւս զարմանալի թուի, սակայն «Սուրիոյ մէջ պատերազմին աւարտը» առաջնահերթութիւն է մասնակցողներուն միայն 15 առ հարիւրին համար, հաւանաբար այն պատճառով, որ քաղաքացիք պատերազմը կը նկատեն պետական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մակարդակի վրայ արծարծելի հարց: Մասնակցողներուն 21 առ հարիւրը զօրակցած է «կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան»:

Անմիջական միջոցառումներու սպասող հարցերու ցանկին գագաթին է «կրթութիւն` բոլորին. իւրաքանչիւր մանուկի դպրոց յաճախելու կարելիութիւն ընձեռելու նպատակով միջազգային հիմնադրամներու հաստատում»-ը, որուն կը զօրակցի հարցախոյզին մասնակցողներուն 40 առ հարիւրը: Մասնակցողներուն 33 առ հարիւրը կը զօրակցի «սեռային առեւտուրի եւ բռնաբարումի դէմ պայքարին` փտած ղեկավարներու ձերբակալութեան առաջնորդող անձերու վարձատրութեամբ»: Նոյնքան է համեմատութիւնը անոնց, որոնք կը պահանջեն «մարտահրաւէր ուղղել Մոնսանթոյի (ամերիկեան կազմակերպութիւն մը, որ կը քաջալերէ երկրագործութեան մէջ քիմիական եւ կենսաարհեստագիտական միջոցներու գործածութիւնը), ինչպէս նաեւ մշակներուն ընձեռել բնական հունտերու պաշարներ` իբրեւ այլընտրանք ծինական փոփոխութեան ենթարկուած հունտերու: Մասնակցողներուն շուրջ 32 առ հարիւրը կը կազմեն անոնք, որոնք ՄԱԿ-էն կը պահանջեն «կայացնել կենսոլորտի խորհրդաժողով մը, որ որդեգրէ 100 առ հարիւր մաքուր վառելանիւթ օգտագործելու նպատակ»:

«Առայժմ կը ստուգենք աշխարհի բազկերակը: Կլիմայի փոփոխութիւնը իրապէ՛ս լաւ օրինակ մըն է: Անիկա ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս նման հարցախոյզեր կ՛օգնեն, որ մարդիկ իրարու քով գան` նոյն որոշումը կայացնելու եւ գործադրելու համար», կ՛ըսէ Ալեքսանտր:

«Յառաջիկայ շաբաթ Եւրոպական Միութիւնը պիտի որոշէ մինչեւ 2030 բնածուխի գործածութիւնը նուազեցնելու իր օրակարգը, ինչպէս նաեւ կլիմայի փոփոխութեան իր ծրագիրը` յաջորդ 30 տարիներուն համար»:

«Աւաազ»-ի կողմէ անցեալ տարի կատարուած համաշխարհային վիճակագրութիւն մը դարձեալ ցոյց կու տար, թէ մարդոց համար առաջնահերթ է փտածութեան դէմ պայքարը: Վերջին մէկ տարուան ընթացքին «Աւաազ»-ի եւ աղերսագիրներ ապահովելու արշաւ մղող այլ կազմակերպութիւններու (ինչպէս` Change.org) պայքարը որոշ արդիւնք տուած է: Օրինակ` «Աւաազ»-ի գլխաւոր մէկ արշաւը հաւաքած է 2 միլիոն ստորագրութիւն, որպէսզի Մալտիվներու իշխանութիւնները հրաժարին բռնաբարումի ենթարկուած 15 տարեկան զոհ մը բրածեծի ենթարկելու վճիռը գործադրելէ: Change.org-ի կողմէ գլխաւորուած արշաւ մը կը միտէր բրիտանական թղթադրամի մը վրայ դրոշմել իգական սեռի ականաւոր դէմքի մը նկարը:

«Մեր ծրագիրները կ՛իրականացնենք մեր անդամներէն հաւաքուած փոքր նուիրատուութիւններով: Իրապէ՛ս մեր անդամներով կը ղեկավարուի կազմակերպութիւնը: Անցեալ տարի մեր թիւը 17 միլիոն էր, այս տարի հասած է 33 միլիոնի: Ասիկա մեծ նուաճում մըն է «Աւաազ»-ի համար, որ հետզհետէ աւելի կը զօրանայ եւ մաս կը կազմէ համաշխարհային կեանքին»:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES