50 Տարի Առաջ (24 Մարտ 1964)
Տոմսեր
Դարաւոր Խնամութեան Ձայնը…
Գիտուն ու քաղաքագէտ մարդիկ, որոնք յուսահատած են ժամանակակից ազգերը հաշտեցնելու համար ի գործ դրուած ճիգերէն, ճարահատ սկսած են մտածել… անոնց նախահայրերը իրարու հետ հաշտեցնելու մասին. ա՛յն ակնկալութեամբ, անշուշտ, որ հին սերունդները տակաւին կրնան ազդել նորերուն վրայ:
Երկուշաբթի «Քրիսչըն Սայընս Մոնիթըր» կը հաղորդէր կարեւոր գիւտ մը.
Յունաստանի Կրետէ կղզիին մէջ գտնուած է 3500 տարուան հնութիւն ունեցող սկաւառակ մը, որուն վրայ տպագրուած արձանագրութիւններ կային:
Այս սկաւառակը կը նկատուի ցարդ աշխարհի ծանօթ հնագոյն տպագրական գործը: Իբրեւ արդիւնք որոնումներու եւ այդ արձանագրութիւններու ալ ընթերցումով` հաստատուած է, թէ հին Յունաստանի եւ Կրետէի ժողովուրդը խնամիական կապեր ունեցած է Նեղոսի հովտին մէջ ապրող եգիպտացիներու հետ. (Ք. Ա. 2000 1800 թ.):
Դարերու այս խնամիութեան հաստատումէն ետք, ա՛յսօր եգիպտացիք սկսած են հետեւաբար… զէնք ղրկել Կիպրոսի յոյներուն եւ զէնքերու սնտուկներուն վրայ ալ արձանագրած են` «տպագրական նիւթեր»: Եգիպտացիք արդարօրէն կը խորհին, թէ հելլէն մշակոյթի կամ որեւէ մշակոյթի պաշտպանութիւն կ՛ենթադրէ անհրաժեշտօրէն զէն ու զրահ` թէ՛ հոգիի եւ թէ՛ մարմնի համար:
Յոյները հոգեկան զրահ ունին, այդ կողմէ վախ չկա՜յ: Սակայն անոնք աչք-ականջ կտրած` արդարօրէն կ՛ակնկալեն մշակութապէս իրենց ազգական ժողովուրդներու օժանդակութիւնը, Կիպրոսի պայքարին մէջ:
Անբացատրելի կը մնայ միա՜յն Խորհրդային Միութեան գուրգուրանքը…
Եւ հարց կը տրուի, թէ ի՛նչ խնամութենէ կը բխի հապա Քրեմլինի հոգածութիւնը` Կիպրոսի հանդէպ:
Մինչ այդ կը տեղեկանանք արդէն, թէ Մոսկուայի մէջ Խրուշչով հրամայած է խորհրդային ակադեմականներուն` անպայման փաստեր գտնել այն մասին, թէ… Կիպրոսը, կղզի ըլլալէ առաջ, Օտեսայի մէկ թաղամասն էր, եւ թէ` կայսերապաշտները հի՜ն օրերուն «գողցած, տարած ու Միջերկրականի մէջ նետած էին զայն», դարե՜ր առաջ…
ԳԻՍԱՒՈՐ
Լիբանանի Հայ Ազգային Վարժարաններու
Ուսուցչական Միութիւն
Ազգային վարչութեան Ուսումնական խորհուրդի մասնաւոր շրջաբերականով տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայ ազգային վարժարաններու Ուսուցչական միութեան հիմնադրութեան ընդհանուր ժողովը, չորեքշաբթի, 18 մարտ 1964, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ:
Ժողովին ներկայ էին Լիբանանի թեմի բոլոր հայ ազգային վարժարանները` իրենց ուսուցչական կազմերով կամ ներկայացուցիչներով: Ներկայ էին նաեւ Լիբանանի թեմի բարեջան առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան, Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչներ եւ Լիբանանի Հայ ազգային վարժարաններու կրթական քննիչ Յակոբ Իսկենտերեան:
Ժողովը բացաւ սրբազան հայրը` Տէրունական աղօթքով. ապա իր բացման խօսքին մէջ դրուատելով Ուսուցչական միութեան մը անհրաժեշտութիւնը ազգային այլ մարմիններուն առընթեր` ըսաւ. «Պէտք է գուրգուրալ այս նորակազմ միութեան վրայ, որուն ուսերուն մեծ պարտականութիւններ կը ծանրանան: Մենք` Ազգային իշխանութիւն եւ Ուսումնական խորհուրդ, զօրավիգ պիտի կանգնինք անոր»:
Ապա խօսք առաւ Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Գառնիկ Բանեան: Կարդաց վաւերացուած ծրագիր-կանոնագիրը, շեշտը դրաւ ուսուցչական միութեան մը անհրաժեշտութեան եւ անոր առաքելութեան` հայ իրականութենէն ներս. ան եւս, Ուսումնական խորհուրդի անունով, խոստացաւ զօրավիգ կանգնիլ անոր յարատեւման:
Սրբազան հօր հրաւէրով ժողովականները օրուան նախագահ ընտրեցին Սեդրակ Զաւէնը, իսկ քարտուղար Արմէն Տօնոյեանը:
Գաղտնի քուէարկութեամբ, նորակազմ ուսուցչական միութեան վարչական ընտրուեցան հետեւեալ օրիորդ եւ պարոնները, որոնք իրենց դիւանը կազմեցին ուրբաթ, 20 մարտ 1964-ին, լման կազմով:
Ատենապետ Գրիգոր Նգրուրեան` ուսուցիչ Ազգային Քառասնից Մանկանց վարժարանի, ատենադպիր` Յակոբ Օվայեան` տնօրէն Ազգային Էհրամճեան վարժարանի, գանձապահ Սերոբ Գալայճեան` ուսուցիչ Ազգային Արամեան վարժարանի, խորհրդական Մովսէս Այնթապլեան` ուսուցիչ Ազգային Ս. Յակոբ վարժարանի, խորհրդական` Մարի Գարայեան` ուսուցչուհի Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի, խորհրդական` Զարուհի Գազազեան ուսուցչուհի Ազգային Նուպարեան վարժարանի, խորհրդական` Զապէլ Քէշիշեան` ուսուցչուհի Ազգային Սահակ-Մեսրոպեան վարժարանի:
Սրբազան հօր յաջողութեան մաղթանքներէն ետք «Պահպանիչ»-ով փակուեցաւ ժողովը:
ԹՂԹԱԿԻՑ
Զահլէի Օգնութեան Խաչի Ձեռնարկը
Գովելի նախաձեռնութեամբ մը, այս ամսոյն 7-ին, Զահլէի Օգնութեան խաչի նորընտիր վարչութիւնը միջինքի առիթով կազմակերպած էր ընտանեկան հաւաքոյթ մը:
Անդամներէ եւ համակիրներէ բաղկացած հասարակութիւն մը հաւաքուած էր տեղւոյս կաթողիկէ սրահին մէջ: Անմիջապէս ստեղծուեցաւ ջերմ մթնոլորտ մը: Տեղի ունեցան անակնկալներ, պարեր: Ներկաներէն ոմանք երգեցին ազգային երգեր: Աճուրդէն գոյացաւ կարեւոր գումար մը: Խանդավառութիւնը տեւեց մինչեւ ուշ գիշեր, եւ ներկաները մեկնեցան ուրախ տրամադրութեամբ:
Փափաքելի է, որ նման հանդիպումներ յաճախ կրկնուին, նկատի ունենալով, որ ազգային գործերու հանդէպ որոշ անտարբերութիւն մը կը տիրէ գաղութէն ներս:
Տեղական ուժերուն կողքին, պէտքը կը զգանք Պէյրութի Կեդրոնական վարչութեան օժանդակութեան: Պէտք ունինք դասախօսներու եւ կարելի է կազմակերպել քոյր մասնաճիւղերու միջեւ հանդիպումներ: Այս ձեւով նորընտիր վարչութեան գործունէութիւնը կը դառնայ աւելի արդիւնաւոր:
ԹՂԹԱԿԻՑ

