Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ծանր ժամանակաշրջան մը պիտի ապրիք այս օրերուն ձեր ասպարէզին կապակցութեամբ: Կը կարծէք, որ արգելափակուած էք այս վիճակին մէջ: Մի՛ յուսալքուիք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ճամբորդութեան փափաք մը կրնաք իրականացնել, որ արկածախնդրութեան բնոյթ պիտի ստանայ: Երբեմն այսպիսի փոփոխութիւններ պէտք է ընել:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Կը մտածէք ձեր ապագային մասին, ինչ որ բնական զգացողութիւն է. բայց պէտք է նաեւ կազմակերպական աշխատանք տանիլ այդ կապակցութեամբ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ունիք շինիչ կապեր ձեր շրջապատին հետ, կրնաք վայելել յարգանք` շնորհիւ ձեր բարեացակամ եւ գիտակից վերաբերումին: Մնացէք նոյն տրամադրութեամբ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեզի համար օրը բախտաբեր պիտի ըլլայ անակնկալ կերպով: Պիտի կարենաք ըսել` «Դուն քուն, բախտդ արթուն»: Ձեր ուրախութիւնը պիտի ազդէ ձեր շուրջիններուն վրայ եւս:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Դուք ձեզ հաճոյացնելու միջոցներ գտէք, դուք ձեզ արժեւորեցէք ձեր հրապոյրով: Այսպիսի վերաբերում ոչ ոքի կը վնասէ, իսկ դուք երջանիկ կ՛ըլլաք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Դրամի տեսակէտով օրը վատ է, բայց մի՛ յուսահատիք, ձեր լաւատեսութեամբ կրնաք առաջքը առնել եղած ձախողութեան: Շարունակեցէք ձեր աշխատանքը:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Արուեստը միշտ ի պատուի է: Ձեր արուեստով ջանացէք իրագործել նոր օրակարգեր, որոնցմով կրնաք արժանանալ գնահատանքի եւ կ՛ունենաք նոր յոյսեր:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դրամատնային ձեր պարտականութիւնը կատարեցէք ըստ սովորականի: Նման գործեր մի՛ յետաձգէք: Օրը ունի հրաւէր մը, մի՛ մերժէք, ներկայ եղէք անպայման:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Արտայայտեցէք ձեր շնորհները, ձեր ունեցած հմայքը օգտագործեցէք: Օրը նպաստաւոր է ձիրքերը երեւան բերելու ամէն գնով: Կ՛արժէ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Մտադրած էք մնալ ձեր որոշումին վրայ: Կ՛ըսեն, թէ դուք կ՛արհամարհէք ձեր շուրջինները: Ինքնավստահ ըլլալու հետ եղէք նաեւ ճկուն:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր աշխատանքի վայրին մէջ պիտի ունենաք անկեղծ բարեկամներ, որով ձեր գործունէութիւնը պիտի ըլլայ բարեբեր, իսկ դուք` լաւատես եւ ուրախ:

Share this Article
CATEGORIES