Ըստ Անգլիոյ Դրամատան. Քսաններու Խմբակն Ու Եւրոպական Միութիւնը Ելեւմտական Վտանգներու Լոյսին Տակ Պէտք Է Արագացնեն Դրամատուներու Բարեփոխումները

Bank-of-England-19032014ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Անգլիոյ դրամատան փոխկառավարիչ Ճոն Քանլիֆ յայտնած է, որ Քսաններու խմբակն ու Եւրոպական Միութիւնը պէտք է արագացնեն դրամատուներու վերակազմաւորումը, որ առնչուած է ելեւմտական համակարգին մէջ գոյութիւն ունեցող վտանգներուն:

Անոր յայտարարութեան բնագիրը հրապարակուած է Բրիտանիոյ կեդրոնական դրամատան կայքին վրայ: Իր խօսքին մէջ Քանլիֆ նշած է, որ համաշխարհային ճգնաժամին պատճառով յառաջացած վնասները, որոնք հինգ տարի առաջ խոցելի դարձուցած են դրամատնային համակարգը, մինչեւ օրս լուծուած չեն:

Անգլիոյ դրամատան փոխկառավարիչը մտահոգութիւն  յայտնած է, որ այժմ դժուար է վստահ նշել, որ կարելի է յաղթահարել համաշխարհային դրամատնային համակարգին սպառնացող փլուզման վտանգը, ինչի հետ կապուած անհրաժեշտ է Քսաններու խմբակի եւ Եւրոպական Միութեան կողմէ յաւելեալ միջոցառումներու ձեռնարկումը` ապահովելու համար միջազգային ելեւմտական համակարգին կայունութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES