Էշթըն Իրանի Հետ Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Համաձայնագիրի Մը Կնքումին Նկատմամբ Լաւատես Է

Քեթրին Էշթըն

Քեթրին Էշթըն

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ համապարփակ համաձայնութեան հասնելու հաւանականութեան նկատմամբ լաւատես է:

Էշթըն Պրիւքսէլի մէջ գերմանական «Մարշալ»-ի հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուած խորհրդաժողովին ընթացքին յայտնած է. «Մեզի անհրաժեշտ է կեանքի կոչել մեծածաւալ համաձայնագիրի կնքում»:

Միեւնոյն ատեն ան նշած է, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ համապարփակ համաձայնութեան հասնելու առումով կողմերը կը գտնուին «հոլովոյթին ամէնէն նախնական աստիճանին վրայ»:

Յիշեցնենք, որ 17-19 մարտին Վիեննայի մէջ կայացած էր Վեցեակի եւ Իրանի` հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւններու լայն ձեւաչափով փուլը:

Համաձայնութիւն գոյացած էր շարունակելու Վեցեակի եւ Իրանի միջեւ աշխուժ հանդիպումները` քաղաքական եւ թեքնիք մակարդակի վրայ:

Փորձագէտներու յաջորդ խորհրդակցութիւնը տեղի պիտի ունենայ ապրիլի սկիզբը, որմէ ետք 7-էն 9 ապրիլին Վիեննայի մէջ տեղի պիտի ունենայ բանակցութիւններու լայն ձեւաչափով փուլը:

 

Share this Article
CATEGORIES