Տահեշ Սպառնացած Է Գետնի Հաւասարեցնել Սիւլէյման Շահի Դամբարանը, Եթէ Թրքական Դրօշը Վար Չառնուի
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ սահմանին վրայ դիրքեր գրաւած ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները սպառնացած են գետնին հաւասարեցնել Սիւլէյման շահի Հալէպի նահանգի հիւսիսը գտնուող դամբարանը, եթէ ատոր վրայէն անմիջապէս վար չառնուի թրքական դրօշը:
Զինեալները «Եութիուպ»-ի ճամբով տեսանիւթը տարածած են` պահանջելով դամբարանին վրայէն վերցնել դրօշը: Ահաբեկիչները իրենց պայմանը կատարելու համար թուրքերուն երեք օրուան պայմանաժամ մը ճշդած են:
«Եթէ երեք օրուան ընթացքին թուրք զինուորները չդատարկեն Սիւլէյման շահի դամբարանը եւ չիջեցնեն Թուրքիոյ դրօշը, դամբարանը գետնին պիտի հաւասարեցնենք», ըսած է ՏԱՀԵՇ-ի բանբերը:
CATEGORIES Միջազգային

