Քալամունի Մէջ Գործողութիւն Մը Թիրախ Կը Դարձնէ Լիբանան Ուղարկուող Ինքնաշարժներու Ականման Հեղինակները

Qalamoun«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Քալամունի խորքը տեղի ունեցած է ապահովական գործողութիւն մը, որուն թիրախն էին Լիբանան ուղարկուող ինքնաշարժներու ականման հեղինակները: Ըստ տեղեկութեանց, գործողութեան պատճառով սպաննուած են ինքնաշարժներու ականման մասնագէտներ Ահմետ Համրան, Ֆարիտ Ժումհան, Հուսամ Մասհուտը եւ չորս օգնականներ:

Գործողութիւնը տեղի ունեցած է Հոշ Ղարպ գիւղին մէջ: Սպաննուած են 8 անձեր, որոնք ականած էին ինքնաշարժներ, որոնք Լիբանան ուղարկուած էին ականահարումներ կատարելու համար:

Ըստ տեղեկութեանց, անցեալ ամիսներուն ընթացքին Լիբանանի մէջ պայթած ականուած ինքնաշարժներու մեծամասնութիւնը կը պատրաստուէին Եապրուտի մէջ, որմէ ետք դժուարանցանելի ճամբաներով մուտք կը գործէին Լիբանան:

Յորդանանէն Մուտք Գործած
Զինեալներ Սպաննուած Են

Սուրիոյ կանոնաւոր բանակը Դամասկոսի նահանգին մէջ թակարդը ձգեց Ժապհաթ Նուսրայէն զինեալներ, որոնց շարքին կորուստներ արձանագրուեցան:

Զինեալները Յորդանանէն դէպի Ատրայի Պիր Քասապ շրջանը կ՛ուղղուէին, որմէ ետք ալ պիտի ուղղուէին Ղութա Շարքիյէ` զինեալ խմբաւորումները զինամթերքով մատակարարելու համար:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES