ՕԹԱՆ Ուքրանիոյ Սահմանին Վրայ Զօրքերու Կուտակման Հարցով Կը Զգուշացնէ Ռուսիան

Զօր. Ֆիլիփ Պրիտլաւ
Եւրոպայի մէջ ՕԹԱՆ-ի զօրքերու հրամանատար զօր. Ֆիլիփ Պրիտլաւ Ուքրանիոյ սահմանին վրայ զօրքերու կուտակման հարցով զգուշացուց Ռուսիան` նշելով, որ ՕԹԱՆ մասնաւորաբար մտահոգ է այդ ուժերուն Մոլտաւիոյ Մերձտնիեսթր շրջանին դէմ ներկայացուցած սպառնալիքէն: «Ռուսիա աւելի հակառակորդի մը նման կը վարուի, քան` գործընկերոջ մը», ըսաւ ան: Սակայն Ռուսիա յայտնեց, որ Ուքրանիոյ արեւելքը գտնուող իր ուժերուն թիւը կը համապատասխանէ միջազգային համաձայնութեանց:
Եւրոպական Միութեան մօտ Ռուսիոյ դեսպանը զգուշացուց Միացեալ Նահանգները Ուքրանիա զօրք կամ զինուորական օժանդակութիւն ուղարկելէ` յայտնելով, որ ատիկա «լուրջ սխալ» մը պիտի ըլլայ:
Երէկ Ուքրանիոյ ազգային ապահովութեան եւ պաշտպանութեան խորհուրդի ղեկավար Ատրիյի Փարուպիյի Քիեւի մէջ տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին յայտնեց. «Փութինի նպատակը Խրիմը չէ, այլ ամբողջ Ուքրանիան… Անոր սահմանին վրայ կուտակուած ուժերը պատրաստ են որեւէ պահու յարձակում գործելու»:
Շաբաթ օր ռուս զինուորներ ներխուժեցին Սեւասթոփոլի մօտ գտնուող ուքրանական օդուժի Պելպեք օդակայան եւ ուքրանական ուժերուն ստիպեցին հեռանալ վայրէն:
Պիելոռուսիա Խրիմը Իբրեւ Ռուսիոյ
Մէկ Շրջանը Ճանչցաւ
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Պիելոռուսիոյ կառավարութիւնը ճանչցած է Խրիմը` իբրեւ Ռուսիոյ դաշնութեան մէկ մասը: «Խրիմը տէ ֆաքթօ դարձաւ Ռուսիոյ մէկ մասը: Իրավիճակը կը զարգանայ տէ ֆաքթօ, եւ մենք պիտի ըլլանք Ռուսիոյ կողքին: Իսկ թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ տէ ժիւրէ` պիտի ըլլայ յետոյ», ըսած է Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ:

