Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԿԸ նախատեսուի, որ կառավարութիւնը` խորհրդարանի վստահութեան քուէն ստանալէն ետք, իր առաջին նիստը գումարէ հինգշաբթի, 27 մարտին: Կառավարութեան քննարկելիք օրակարգին առաջնահերթութիւններէն պիտի ըլլայ Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչներուն նշանակումը:
ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ Ապտալլա Բ. թագաւորը շեշտեց, որ Լիբանանի կառոյցն ու կազմուածքը չեն հանդուրժեր, որ լիբանանեան այս կամ այն կողմը միջամուխ դառնայ Սուրիոյ տագնապին:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ հիւսիսային Լիբանանի հարցը կարելի չէ լուծել յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն ընթացքին:
ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի խստիւ դատապարտեց արաբական երկիրները` Սուրիական ազատ բանակը տեսակարար զէնքերով ու զինամթերքով չօժտելու պատճառով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ Լիբանան դուրս եկած է լուսանցքայնացումի հանգրուանէն` աւելցնելով, որ անիկա յուսադրիչ է լարուածութիւնը մեղմացնելու իմաստով:
ԱՐԱԲԱԿԱՆ լիկային մէջ Լիբանանի մնայուն դեսպան Խալետ Զիատէ կը հաստատէ, որ Սուրիոյ տագնապին գծով Լիբանան կառչած կը մնայ իր չէզոք քաղաքականութեան:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը իրենց նիստերուն պիտի սկսին` ճշդելու համար նախագահական ընտրութեան իրենց թեկնածուն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ Լիբանան չի կրնար առանց իր բանակին անկախ եւ գերիշխան դառնալ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Թամմամ Սալամի մօտիկ աղբիւրներէն, յայտնեց, որ վարչապետը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ապահովելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու նախագահական ընտրութիւնները:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ եթէ Թրիփոլին իր հաւասարակշռութիւնը եւ ինքնութիւնը չվերագտնէ, ապա Լիբանան իր ինքնութեամբ եւ հաւասարակշռութիւններով սպառնալիքի տակ պիտի գտնուի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Հըզպալլա կորսնցուցած է իր օրինականութիւնը, որ պարտադրուած էր զէնքի ուժով: Ան աւելցուց նաեւ, որ Դիմադրութիւնը լիբանանեան խիղճէն դուրս եկած է:
ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ պալատի աղբիւրներ շեշտեցին, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայացուցած ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը կը ներառէ Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի ապահովութեան սպառնացող վտանգները:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ իրենք կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհած են` պահպանելու համար պետութիւնն ու անոր հաստատութիւնները:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին նախագահական ընտրութեան եւ կը մերժեն անիշխանութիւնը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կողմէ Ազգային երկխօսութեան յաջորդ նիստին մասնակցութիւնը հարցական է:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, սուրիական վարչակարգը Հըզպալլան օժտած է միջին հասողութեամբ հրթիռներով:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի կոչ ուղղեց կառավարութեան եւ խորհրդարանի աշխատանքը աշխուժացնելու, յատկապէս կառավարութեան վստահութեան քուէի շնորհումէն ետք:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ նախագահական ընտրութեան յարմար թեկնածու մը ունին, սակայն անոր անունը շուտով պիտի չբացայայտեն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ անհրաժեշտ է Թրիփոլիի մէջ կացութիւնը հակակշիռի տակ առնել եւ արդար կերպով վարուիլ բոլորին հետ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Ֆարես կոչ ուղղեց պատժելու բոլոր անոնք, որոնք առեւանգումներ կը կատարեն, եւ զանոնք խիստ պատիժներու ենթարկելու:
ՖԱԹՀ շարժումի պատասխանատուներէն Մունիր Մաքտահ շեշտեց, որ լիբանանցիներուն միջեւ արձանագրուած բախումներուն հետ պաղեստինցի գաղթականները ոչ մէկ կապ կամ առնչութիւն ունին:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ Լիբանանն ու լիբանանցիները վտանգի ենթարկուած են` աւելցնելով, որ անոնց փրկութիւնը ազգային երկխօսութեան եւ միասնականութեան մէջ կը կայանայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ յայտնեց, որ Հըզպալլայի ապօրինի զէնքի թղթածրարին կարելի չէ քաղաքական լուծում մը ապահովել:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Պեզզի կոչ ուղղեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին զօրակցելու` Լիբանանի փրկութեան ի խնդիր: Ան աւելցուց, որ Պըրրիի գրպանին մէջ նախագահական ընտրութեան յանգեցնող ճամբու քարտէս մը կայ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ապպաս Հաշեմ յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած միջադէպերուն պատասխանատուները լիբանանեան բոլոր քաղաքական կողմերն են:

