Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Կ՛այցելէ Պըրրիի Եւ Սալամի

Դեսպան Հէյլ եւ Պըրրի
Անցեալ շաբաթավերջին Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Վարչապետարանին մէջ վարչապետ Թամմամ Սալամ նոյնպէս ընդունեց Հէյլը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ Ուաշինկթըն կը զօրակցի Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանանի որդեգրած չէզոք կեցուածքին, ինչպէս նաեւ կը քաջալերէ լիբանանեան իշխանութիւնները` նախագահական ընտրութիւնը կատարելու սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին:
Հէյլ շնորհաւորեց Սալամը կառավարութեան շնորհուած վստահութեան քուէին առումով եւ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստակամ են լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ երէկ մասնակցեցաւ Մաքասետ բարեսիրական միութեան հոգաբարձութեան ընտրութիւններուն, որոնց աւարտին Ամին Մոհամետ Տաուք ընտրուեցաւ հոգաբարձութեան ատենապետ:
Վարչապետ Սալամ ցաւ յայտնեց Լիբանանի մէջ արձանագրուած բռնարարքներուն համար` զանոնք նկատելով լիբանանեան պետութենէն, օրինականութենէն եւ պետական հաստատութիւններէն դուրս գործուող արարքներ:
Ան ընդգծեց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու եւ ապահովական հաստատութիւնները հզօրացնելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ այդ նպատակը իրագործելու համար լիբանանցի քաղաքացիները նաեւ պէտք է բերեն իրենց զօրակցութիւնը:
Շաբաթավերջին «Օքազ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Սալամ շեշտեց Սուրիոյ տագնապին հետեւանքներէն Լիբանանի պաշտպանութեան կարեւորութիւնը:

