Նախագահ Սլէյման Զգուշացուց Բանակը Թիրախ Դարձնելէ

Նախագահ Սլէյման եւ Ապպաս Իպրահիմ

Նախագահ Սլէյման եւ Ապպաս Իպրահիմ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին զգուշացուց բանակը թիրախ դարձնելէ` աւելցնելով, որ բանակը ազգային իր պարտականութիւնը կը կատարէ` պաշտպանելով Լիբանանն ու լիբանանցիները:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց բանակին օժանդակելու եւ զօրակցելու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ բանակին դէմ գործուած որեւէ յարձակում ազգային արժանապատուութեան, ազատութեան, գերիշխանութեան եւ ժողովրդավարութեան խորհրդանիշներէն մէկուն դէմ գործուած յարձակում կը նկատուի:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց պաղեստինեան գաղթակայաններուն ապահովութիւնը հակակշիռի տակ առնելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ Հալէպի մէջ առեւանգուած առաջնորդները ազատ արձակելու կարելիութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES