Ժահժահ. «Անհաւանական Է, Որ Սէուտական Արաբիա Զօր. Աունի Թեկնածութիւնը Առաջադրէ` Նախագահական Ընտրութեան Առումով»
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ ժամանակն է այլեւս, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ձեռնածալ չմնան նախագահական ընտրութեան առումով:
«Մենք ամէն ջանք պէտք է ի գործ դնենք, որպէսզի կարենանք հզօր վարչապետ մը նշանակել, ինչպէս նաեւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ուղեգիծը կրող հանրապետութեան հզօր նախագահ մը ընտրել», ըսաւ ան:
Բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի իբրեւ նախագահ ընտրութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ժահժահ ըսաւ, որ ինք տեղեակ չէ, եթէ զօր. Քահուաժի թեկնածու է` աւելցնելով, որ բանակի հրամանատարը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու սովորութիւնը արդէն իսկ ձանձրացուցիչ դարձած է:
Ժահժահ նշեց, որ կարելի չէ նաեւ նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նախագահական նստաշրջանի երկարաձգումը, որովհետեւ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը կտրականապէս կը մերժեն այդ ընտրանքը:
Ան աւելցուց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը լուրջ չեն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը առաջադրելու առումով` շեշտելով, որ անոնց իսկական թեկնածուն Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն է:
Միւս կողմէ, Ժահժահ հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով անհաւանական է, որ Սէուտական Արաբիա զօր. Աունի թեկնածութիւնը առաջադրէ:

