Քուէյթի Մէջ . Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Նիստը Կը Վաւերացնէ Լիբանանեան Բանակին Օժանդակելու Պասիլի Ծրագիրը

Bassil_KuwaitԵրեքշաբթի, 25 եւ չորեքշաբթի, 26 մարտին գումարուելիք Արաբական լիկայի նիստին նախօրեակին արաբ արտաքին գործոց նախարարները Քուէյթի մէջ գումարեցին նիստ մը, որուն ընթացքին վաւերացուցին լիբանանեան բանակին օժանդակելու նպատակով արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցած ծրագիրը:

Ըստ ծրագիրին, պահանջուած է օժանդակել Լիբանանին` դիմադրելու Իսրայէլի եւ ահաբեկչութեան, աջակցելով լիբանանեան բանակին եւ Լիբանանի կառավարութեան ջանքերուն:

Միւս կողմէ, Պասիլ Քուէյթի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ քաթարցի իր պաշտօնակիցին` Խալետ պըն Մոհամետ Աթիէի հետ:

Հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ Աթիէի հետ քննարկած է Հալէպի մէջ առեւանգուած առաջնորդները, ինչպէս նաեւ լիբանանցի լուսանկարիչը ազատ արձակելու առումով Քաթարի ճիգերը:

Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զիպարիի հետ: Քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES