Մարզական Աւանին Եւ Թարիք Ժտիտէի Մէջ Զինեալ Բախումներ

TARIK_JDIDE-23032014Կիրակի առաւօտեան ժամը 4:00-ին, Թարիք Ժտիտէի եւ Մարզական աւանի շրջակայքը արձանագրուեցան զինեալ բախումներ, որոնք անմիջապէս վերածուեցան նռնականետերով բախումներու եւ արձակազինութեան` պատճառելով զոհ մը` Խալիլ Հանաշ եւ 13 վիրաւոր, ինչպէս նաեւ նիւթական հսկայական վնասներ:

Շուրջ չորս ժամ ետք, առաւօտեան ժամը 8:00-ին, լիբանանեան բանակի զօրամաս մը ուղղուեցաւ դէպքին վայրը եւ շրջափակեց ամբողջ շրջանը` վերահաստատելով ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ կարգ մը բնակարաններ ներխուժեց եւ ձերբակալեց յանցագործներ:

Շուրջ տարի մը առաջ, Թարիք Ժտիտէի մէջ Արաբական հոսանքի ղեկավար Շաքեր Պըրժաուիի գրասենեակին հրկիզումին պատճառով ան որոշ ժամանակով հեռացած էր շրջանէն, սակայն անոր հետեւորդներն ու համակիրները մնացին իրենց բնակարաններուն մէջ:

Մարզական աւանին կից գտնուող Հայ Ղարպիի մէջ երկու դրացիներու միջեւ բռնկած կռիւ մը պատճառ դարձաւ այդ բախումներուն:

Բախումներուն մասնակից զոյգ կողմերն ալ իրենք զիրենք զետեղեցին ինքնապաշտպանութիւն կատարող կողմի վիճակին մէջ, հետեւաբար անկարելի եղաւ գիտնալ, թէ ո՞վ էր նախայարձակը:

Շաքեր Պըրժաուի յայտնեց, որ իր հետեւորդներէն մէկը շաբաթ գիշեր ենթարկուած է խոշտանգումի, ապա զինեալ խումբ մը անոր բնակարանէն դուրս բերած է անոր ընտանիքը եւ տիրած անոր բնակարանին:

Այս պատճառով ծայր տուած են բախումներ, որոնց շրջագիծին մէջ Մուսթաքպալ հոսանքի հետեւորդներէ եւ սալաֆականներէ բաղկացած 80 զինեալներ յարձակում փորձած են կատարել Պըրժաուիի գրասենեակին վրայ, որ տակաւին վերաշինութեան ընթացքի մէջ է:

Միւս կողմէ, Թարիք Ժտիտէի բնակիչներ յայտնեցին, որ Պըրժաուիի հետեւորդներն էին, որոնք սպաննեցին իրենց թաղեցիներէն մէկը եւ այդ պատճառով բռնկեցան բախումները:

Թարիք Ժտիտէի բնակիչները շեշտեցին, որ Պըրժաուին եւ անոր հետեւորդները անբաղձալի են իրենց շրջաններուն մէջ:

Երէկ յետմիջօրէին Խալիլ Հանաշի յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Քասքասի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES