Նախագահ Սարգսեան. «Մենք Չենք Փորձեր Ոեւէ Մէկը Խաբել Կամ Մոլորեցնել»

5748_bՀայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան անցեալ ուրբաթ օր խորհրդակցութիւն կատարեց արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավար անձնակազմին հետ:

Սարգսեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ խնդիրը պէտք է հետեւեալը ըլլայ` Հայաստան մէկ տարի ետք յաջողեցա՞ւ անվտանգութեան ապահովման երաշխիքը բարձրացնել, թէ՞ ոչ: «Մեզմէ իւրաքանչիւրը` պետական պաշտօնեաներէն, իր պարտականութիւնները ունի. ես պարտականութիւն ունիմ մեր երկրին տարածքային ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնը ապահովելու եւ անոր համար պատասխանատու եմ: Ամէն ինչ պէտք է գնահատել արդիւնքներով: Կը հաւատամ, որ այսօր մեր ունեցած միջազգային յարաբերութիւններով, մեր ներգրաւուածութեամբ, դաշնակիցներու տեսակով եւ որակով, շատ աւելի անվտանգ ենք, քան հինգ տարի առաջ: Երբեք մեր բանակը այսքան սպառազինուած ու մարտունակ չէ եղած: Երբեք, յամենայն դէպս, ես չեմ յիշեր, որ Ղարաբաղի հարցով այսպիսի միանշանակութիւն ըլլայ: Մենք ունինք որակ մը, յատկանիշ մը` մենք չենք փորձեր ոեւէ մէկը խաբել կամ մոլորեցնել, մենք կ՛ըսենք` ասիկա է մեր շահը, մենք ասոր համար պատրաստ ենք ասիկա ընելու, այստեղ պատրաստ չենք ասիկա ընելու»:

Միւս կողմէ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան մշակոյթի գործիչներուն մրցանակներու յանձնման արարողութեան ժամանակ անդրադարձաւ ուքրանացի բեմադրիչ Ելենա Ֆետիսովայի` մրցանակաբաշխութեան մասնակցիլ մերժելու փաստին:

«Փարաճանով» շարժապատկերի բեմագրութեան հեղինակ, արտադրող եւ բեմադրիչ Ֆետիսովա Քիեւէն երկլեզու` ռուսերէնով եւ անգլերէնով բաց նամակ յղած է նախագահ Սերժ Սարգսեանին, որուն մէջ կը նշէ, թէ Խրիմի մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէի վերաբերեալ Հայաստանի առաջնորդի արտայայտած դիրքորոշման պատճառով` իր մասնակցութիւնը այդ մրցանակաբաշխութեան անկարելի է, իսկ իր դրամական պարգեւը կը խնդրէ փոխանցել հայ որբ երեխաներու կարիքները հոգալու համար:

«Կը հասկնամ տիկին Ֆետիսովայի դրդապատճառները, կ՛ուզեմ դիմել թէ՛ յարգարժան տիկնոջ, թէ՛ Ուքրանիոյ ժողովուրդին` ըսելով, որ մենք եղբայրական ժողովուրդներ ենք եւ այդ եղբայրութեան, բարեկամութեան մասին կը վկայեն հազարաւոր փաստեր, Լվովի միջնադարեան տաճարներէն սկսեալ մինչեւ այսօրուան Հայաստանի մէջ գործող ուքրանական համայնքի աշխուժ դիրքորոշումը: Մենք դարեր շարունակ ուս-ուսի կռուած ենք միասին բռնագրաւողներու դէմ, մենք հազարաւոր փառաւոր էջեր ունինք պատմութեան մէջ, այդպէս եղած է եւ այդպէս ալ պիտի շարունակուի: Այնպէս կը պատահի, որ ժամանակի եւ իրադարձութիւններու թոհուբոհին մէջ տարբեր երեւոյթներ կ՛ունենան տարընկալումներ, բայց ժամանակի մեծութիւնը կը կայանայ նաեւ անոր մէջ, որ ժամանակի ընթացքին ամէն ինչ կը յստականայ, տարընկալումները կը վերանան եւ ամէն ինչ իր տեղը կու գայ: Անգամ մը եւս կը կրկնեմ, որ ուքրանացիները մեր եղբայրներն են, այնպէս որ, կը խնդրեմ գործընկերներուն մրցանակը փոխանցել տիկնոջ», աւելցուց Սերժ Սարգսեան:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES