Բազմամարդ Հանրահաւաք` Պարտադիր Կուտակային Համակարգին Դէմ

Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի
Շաբաթ, 22 մարտ 2014-ին, «Դէմ եմ պարտադիրին» շարժումին նախաձեռնութեամբ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ բազմամարդ հանրահաւաք մը, որուն ընթացքին «Դէմ եմ» գրութեամբ վերնաշապիկներ հագած կազմակերպիչները բեմի հարթակին մօտեցան թմբուկներու զարկերուն ընկերակցութեամբ եւ բեմէն քննադատական կոչերով հանդէս եկան ընդդէմ կենսաթոշակային պարտադիր վճարներուն:
Նշենք, որ նախորդ երեք ամիսներուն ընթացքին գործադուլի եւ բողոքի միջոցներով օրէնքին դէմ ընդդիմացած են գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի, հարաւկովկասեան երկաթուղիի, օփերայի եւ պալէի ազգային թատրոնի աշխատակիցները:
Հանրահաւաքին ընթացքին խօսք արտասանեց նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան, որ նշեց, թէ «առաջին անգամն է, որ կարելիութիւնը կը ստեղծուի, որ ժողովուրդը իր պահանջը վերածէ իրական պայքարի: Պէտք է ամէն ինչ ընել, որ մեր չքնաղ հայրենիքին մէջ հաստատուի կարեւոր նախադէպ մը, որ իշխանութիւնը պարտաւորուի առաջնորդուելու սեփական ժողովուրդին ցանկութեամբ, հաշուի առնելու Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիին շահը եւ իր գործունէութեամբ նպաստելու, որ մարդը, քաղաքացին ու ժողովուրդը ունենան բարեկեցիկ կեանք` անկախ իր տարիքէն»:
Արծուիկ Մինասեան կոչ ուղղեց շարժումին մասնակցողներուն, որ ըլլան միասնական: Ան ըսաւ, որ եթէ մէկ բռունցք ըլլանք, պիտի կարենանք յաղթահարել ցանկացած խնդիր եւ հաստատել ժողովուրդին իշխանութիւնը սեփական հայրենիքին մէջ: Պարտադիր բաղադրիչը իբրեւ առանցքային խնդիր պէտք է հեռացուի մեր երկրէն: Մեր ապագայ սերունդներուն պէտք է ձգել վստահ ու արդար Հայաստան:
Հանրահաւաքին յաջորդեց երթ` մայրաքաղաքի կեդրոնական փողոցներով:

