Արցախ. Նախագահ Սահակեան Անցեալին Վերադարձը Անկարելի Կը Նկատէ
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան անցեալ շաբաթ Արցախի պետական համալսարանի ուսանողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց հետեւեալը. «Դէպի անցեալ վերադարձը թէ՛ կարգավիճակի, եւ թէ՛ վարչատարածքային առումով ոչ միայն անկարելի է, այլ նաեւ անթոյլատրելի: Արցախի անկախութիւնը եւ անոր անվտանգութեան ապահովումը բոլոր մակարդակներով մեզի համար բացառիկ արժէքներ են»:
CATEGORIES Հայկական

