Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Սաժես – ՀՄԸՄ
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ եւ դարձի 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` երկուշաբթի, 24 մարտին, ՀՄԸՄ-ի տղոց ներկայացուցչական խումբը հիւրը պիտի ըլլայ Սաժեսի: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ղազիրի դաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 20:30-ին:
Դարձի հանգրուանին ցարդ տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները նկատի ունենալով, կը տեսնենք, որ ՀՄԸՄ աւելի արդիւնաւէտ է, քան` Սաժես, նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ-ի հնգեակը արձանագրած է չորս յաղթանակ, մինչ Սաժես արձանագրած է երեք յաղթանակ եւ կրած մէկ պարտութիւն:
Թէեւ երթին Սաժես 84-78 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, սակայն այժմ կացութիւնը բաւական փոխուած է եւ ՀՄԸՄ դարձած է Ա. դասակարգի խումբերուն պատուհասը, որովհետեւ կազմը այն չէ, ինչ որ էր երթի մրցումներուն: ՀՄԸՄ, որ սքանչելիօրէն բարելաւած է իր խաղարկութիւնը, այսօր կրնայ արձանագրել իր 5-րդ յաջորդական յաղթանակը, եթէ դարձեալ կիրարկէ խմբային խաղաոճ մը` լաւապէս գործադրելով պոսնիացի իր մարզիչին` Ալեն Ապազի ցուցմունքները:
Նշենք, որ դարձի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Մութթահետ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 89-84 արդիւնքով յաղթեց պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ամշիթին, վերջինիս դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին` 89-84 արդիւնքով (20-29, 38-48, 56-70 եւ 84-89):
Մութթահետէն Ռոնի Ֆահըտ նշանակեց 24 կէտ, մինչ Ամշիթէն Ալի Թրաորէ` 28 կէտ եւ 14 ռիպաունտ, իսկ անոր խմբակից Ֆատի Խաթիպ` 23 կէտ:
Ինչ կը վերաբերի դարձի 4-րդ հանգրուանի վերջին մրցումին, Պըժժէ Սանթրալի դաշտին վրայ իր կատարած մրցումին 71-51 արդիւնքով պարտուեցաւ Շանվիլէն:

