Լիբանանեան Ֆութպոլ. Շապապ Արապի – ՀՄԸՄ` 1-3

ՀՄԸՄ Պէյրութի կրտսերներու խումբը
Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 23 մարտին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, արձանագրեց տարեշրջանի իր 7-րդ յաղթանակը` Ահտի դաշտին վրայ 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Շապապ Արապիին:
ՀՄԸՄ 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ Ա. կիսախաղին` շնորհիւ Ճոն Քոնճեանի նշանակած կոլին (10-րդ): Բ. կիսախաղին, Քոնճեան նշանակեց այլ կոլ մըն ալ` 55-րդ վայրկեանին:
Թէեւ մրցակից կազմը 70-րդ վայրկեանին կոլ մը նշանակեց, սակայն շնորհիւ Քրիսթիան Թէյմունեանի նշանակած կոլին (80-րդ` փենալթիով), ՀՄԸՄ 3-1 արդիւնքով տարաւ վերջնական յաղթանակը:
Մրցումին վերջին վայրկեանին, ՀՄԸՄ-էն Սագօ Ազնաւուրեան կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, ՀՄԸՄ մէկ կէտով կը շարունակէ ետ մնալ ՀՄՄ-էն, որ 4-2 արդիւնքով յաղթեց Հարըֆ Ըրտէ Խէյրիին:
Իսկ վերջին մրցումին Շեքքա 3-0 արդիւնքով յաղթեց Ամալ Թրիփոլիին:
Ինչ կը վերաբերի կրտսերներու ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին, ՀՄԸՄ Պէյրութ 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Շապապ Արապիէն:
Նշենք, որ մրցումը տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, կիրակի, 23 մարտին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:
Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ եւ դարձի նախավերջին հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Բ. խմբակին դասաւորումը կը ներկայացնէ հետեւեալ պատկերը.
ՄՐՑ. Յ. Հ. Պ. ՆՇ. ՍՏ. ԿԷՏ
1.- ՀՄՄ 9 7 2 0 34 14 23
2.- ՀՄԸՄ 9 7 1 1 22 8 22
3.- Հարըֆ Ըրտէ Խէյրի 9 5 1 3 18 21 16
4.- Շեքքա 9 2 1 6 15 24 7
5.- Շապապ Արապի 9 1 3 5 13 18 6
6.- Ամալ Թրիփոլի 9 0 2 7 5 21 2

