Ըմբշամարտ. Դաւիթ Սաֆարեան Պիտի Չմասնակցի Եւրոպայի Ախոյեանութեան
Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը յայտնեց, որ 1-6 ապրիլին ֆինլանտական Վանթաա քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի ըմբշամարտի ախոյեանութիւնը:
Ազատ ոճի ըմբիշ, Հայաստանի ազգային հաւաքականի անդամ Դաւիթ Սաֆարեան, որ նախորդ տարի հանդիսացաւ աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան, պիտի չմեկնի Ֆինլանտա:
ArmSport.am-ին յայտնի դարձաւ, որ Սաֆարեան մէջքի վնասուածք ունի եւ ներկայիս յատուկ բուժումի կ՛ենթարկուի Գերմանիոյ մէջ:
CATEGORIES Մարզական

